Փութին Փաշինեանին կրկին առաջարկեց ԵՄ անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կազմակերպել
- (0)

ՊԻՇՔԷՔ.- Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ հանդիպած են՝ քննարկելով հայ-ռուսական յարաբերութիւնները եւ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ ձեռնարկած քայլերը։
Հանդիպումը տեղի ունեցած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զգալի լարուածութեան պայմաններուն մէջ եւ Փաշինեանի վերընտրութենէն ետք անոր առաջին հանդիպումն էր Փութինի հետ։ Վերջին ամիսներուն Մոսկուան դժգոհութիւն յայտնած էր թէ՛ Հայաստանի արեւմտամէտ արտաքին քաղաքականութեան, թէ՛ երկրի ներքին քաղաքական որոշ զարգացումներու առնչութեամբ։ Ռուսական կողմը նաեւ բազմիցս բարձրացուցած էր Հայաստանի արտաքին կողմնորոշման շուրջ հանրաքուէ կազմակերպելու հարցը։
Փութին յայտարարած է, որ Հայաստանի ԵՄ ձգտումը երկրի «օրինական իրաւունքն» է, սակայն ընդգծած է, որ այդ ընթացքը բարդութիւններ կը ստեղծէ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական Տնտեսական Միութեան։
«Որքան շուտ Հայաստանը կողմնորոշուի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով, այնքան լաւ», ըսած է Փութին՝ նշելով, որ Մոսկուան պէտք է հասկնայ, թէ ինչպէս պիտի կառուցէ Երեւանի հետ յետագայ յարաբերութիւնները։
Ռուսիոյ նախագահը առաջարկած է հարցը դնել Հայաստանի ժողովուրդին առջեւ՝ հանրաքուէի միջոցով պարզելու համար, թէ «մարդիկ ի՛նչ կ՛ուզեն»։ Ան նաեւ շեշտած է, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի գլխաւոր տնտեսական գործընկերներէն մէկը։
Փաշինեան իր կարգին յայտարարած է, որ ԵԱՏՄ-ի կանոնակարգով անդամ պետութիւն մը կազմակերպութենէն հեռացնելու դրոյթ գոյութիւն չունի, իսկ Հայաստան ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու մասին որեւէ ծանուցում չէ ներկայացուցած։
Ան պնդած է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական այլընտրանքներ ունենալը, սակայն ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը տակաւին այն հանգրուանին չէ հասած, որ հանրաքուէի դրուի։
Ան նաեւ մերժած է այդ հարցով Երեւանի առջեւ վերջնաժամկէտներ սահմանելու մօտեցումը՝ շեշտելով, որ հանրաքուէ կազմակերպելու կամ չկազմակերպելու որոշումը Հայաստանի կառավարութեան որոշումն է։