«Հայաստան» դաշինքը կը դատապարտէ Քոչարեանի դէմ իշխանութեան գործողութիւնները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» դաշինքը օգոստոս 25-ին տարածած յայտարարութեամբ խստօրէն դատապարտած է ՀՀ երկրորդ նախագահ, դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ իրականացուող իրաւապահ գործողութիւնները՝ զանոնք որակելով քաղաքական հետապնդում եւ պետական համակարգի օգտագործում՝ ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով։
Դաշինքը յայտնած է, որ վերջին գործողութիւնները իրաւական գործընթաց չեն, այլ իշխանութեան քաղաքական հակառակորդները մեկուսացնելու եւ դիմադրութեան հնարաւոր կեդրոնները թուլացնելու քաղաքականութեան մէկ մասը։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ շանթաժը, շինծու վարոյթները եւ հետապնդումները չեն կրնար ընկճել Ռոպերթ Քոչարեանը, անոր ընտանիքը կամ դաշինքի քաղաքական գործունէութիւնը։
«Հայաստան» դաշինքը յայտնած է, որ պիտի շարունակէ իր պայքարը եւ բոլոր միջոցներով պիտի դիմագրաւէ Հայաստանին պարտադրուող նոր զիջումները՝ միաժամանակ շեշտելով, որ ապօրինութիւններու հեղինակներն ու կատարողները ի վերջոյ պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին։