Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ․ Օրմանեանի
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
ԱԶԳԻ ԵՒ ԱԶԳՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
1.- Արեւմուտքի մէջ, վերջին դարերուն, երբ «ազգ» եւ «ազգութիւն» կ’ըսուի՝ կը հասկցուի ազգ-պետութիւն, կամ պետութիւն մը, որուն հպատակները հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ունին։ Ըստ այս ընկալումին, այն ժողովուրդը որ պետութիւն չունի՝ ազգ չէ եւ ազգութիւն չէ։
Օրմանեան Վարդապետի տեսակէտը ի՞նչ է։
Նախ՝ ըսեմ, որ ինք «ազգ» եւ «ազգութիւն» բառերը փոխնիփոխ գործածած է, այսինքն՝ համարժէք։ Որովհետեւ «ազգ» ըմբռնած է հաւաքականութիւն մը, որ իր ընդհանրական պատկանելիութեան թէ՛ զգացումը եւ թէ գիտակցութիւնը ունի։ Եւ՝ ո՛չ միայն զգացումը եւ գիտակցութիւնը, այլեւ՝ «հարկաւոր» բաներ։ Այս առնչութեամբ՝ քիչ մը անդին։ Արդ, երկու բառերուն իր կողմէ փոխնիփոխ գործածութեան օրինակ մը տամ․ «Հայք այնպիսի դէպքեր կրեցին, որ իրենց ազգութիւնը բնաւին կրնար ջնջել։ Հայք այնպիսի փորձանաց տոկացին, որոց առջեւ զօրաւորագոյն ազգեր տկարացան, եւ իրենց գոյութիւնը չկրցան պաշտպանել, իսկ հայ ազգը կայ, է, եւ էր եւ եղեւ ազգ մի ո՛չ աննշանակ, մեծագոյն ազգաց հետ մրցելոյ կարող, եւ մրցանաց մէջ՝ ոչ միշտ յետադաս, եւ եթէ ոչ՝ քաղաքական եւ իշխանական զօրութեամբն, այլ զօրութեամբ մտաց եւ զօրութեամբ բարուց իրեն տիրապետողներուն վրայ ալ ազդեցութիւն գործածելու բաւական»։
«Ազգ» եւ «ազգութիւն» բառերուն պետութեան գաղափարին զօդման կապակցաբար՝ գրած է, թէ ըստ «եւրոպական ազգաց»՝ անոնք «պետութեան թէ ոչ հոմանիշ՝ գոնէ անոր միացեալ» կ’ըմբռնուին։ Եւրոպացիները «ազգութիւն անդ միայն կ’ընդունին, ուր եւ պետական առանձինն դիրք մը կայ», եւ պետութեան մը բնիկ կամ տիրող հաւաքականութիւնը ու զանազան այլ «ամբողջացուցիչ» հաւաքականութիւններ, որոնք ենթակայ են տուեալ պետութեան, կը ճանչնան որպէս համազգիներ։ Այս «առում»ը՝ որքան ալ որ «ոմանց համար օրինաւոր ըլլայ, եւ այլոց համար՝ սովորական»՝ ինք չէ ընդունած, քանի որ «այդ չէ ընդհանուր եւ ճիշդ առումը»։ Իր տեսակէտն է, թէ պետական դիրք մը «խստիւ էական» չէ, որ հաւաքականութիւն մը ազգ կամ ազգութիւն համարուի։ Այնուհանդերձ, քաղաքական դիրք մը, ի շարս այլ կարեւոր յատկանիշներու, «հարկաւոր»ութիւն մըն է։ Այս միտքով՝ իր ժամանակի հայութեան քաղաքական դիրքէ զուրկ չըլլալը մատնանշած է: Օսմանեան սուլթանութեան եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ հայերը թէ՛ քաղաքականօրէն ներգրաւուած էին, եւ թէ՝ իրենց ներքին կեանքը տնօրինող հաստատութիւններ ունէին․ Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը՝ Օսմանեան սուլթանութեան մէջ, եւ Ս․ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ Ռուսական կայսրութեան։ Այլ տեղեր ալ հայոց քաղաքական դիրքէ զուրկ չըլլալուն ակնարկած է։
Օրմանեան Վարդապետի համար հայութիւնը «նոր» ազգ մը կամ «ազգութիւն» մը չէր, ունէր իր վէպերը կամ առասպելները եւ իր պատմաբանները եւայլն։ Անոր խոր անցեալին իսկ մէջ՝ ազգ կամ ազգութիւն ըլլալուն մասին կային «արտաքին պատմութեանց», նոյնիսկ՝ «բեւեռական յիշատակաց» արձանագրութիւններ։ Պատմութեան ընթացքին, հայութիւնը «զինուորական արդեամբք եւ զարգացման արգասեօք ժամանակակցաց մէջ նշանաւոր դիրք մը ստացեր էր», եւ «եթէ մեր անցելոյն մէջ քիչ է Հայաստանի փառքը իբր պետութիւն, բայց շատ է հայուն փառքը իբր ազգ», կարելի է աւելցնել նաեւ՝ իբր ազգութիւն։
Օրմանեան Վարդապետի համոզմամբ, հայութիւնը ազգ կամ ազգութիւն էր նաեւ իր օրով։ Ինչպէ՞ս բացատրած է այս համոզումը։
Ազգ մը կամ ազգութիւն մը հետեւեալ յատկանիշները կ’ունենայ։
Ա․- Գոյութեան ու «օրինաւոր, յառաջադէմ, բարեկարգ եւ նախանձելի» բազմութեան յատկանիշները։
«Գոյութիւնը ամենայն իրաց առաջին սկիզբն եւ առաջին պայմանն է․ ամենայն կատարելութեանց պատճառ եւ ամենայն հանգամանաց գլխաւորութիւն», գրած է։ Գոյութիւնը բոլոր ձիրքերուն «նախամեծար առաջնութիւն»ը ունի։
Հայութիւնը կար եւ կայ իբր բազմութիւն։
Ազգ մը կամ ազգութիւն մը ըլլալու համար թուաքանակը որոշադրիչ կանոն մը չէ։ Ըստ իրեն, բազմութիւն մը հարիւրաւոր միլիոններ կրնայ ունենալ, բայց կը շարունակէ ժողովուրդ մը ըլլալ, եւ ոչ՝ ազգ կամ ազգութիւն։ Բազմութիւն մը կրնայ երկու կամ մէկ միլիոն ըլլալ, բայց կ’ըլլայ իբր ազգ մը կամ ազգութիւն մը։ Իր ժամանակ հայութեան համար տրուած չորս միլիոն թիւը՝ շատ համեստ համարած է։
Բ․- Կրօնքի մը ժառանգորդ ըլլալու յատկանիշը։ «Ցարդ մարդկային ընկերութիւն առանց կրօնից չեղեւ, եւ յետ այսօրիկ լինել կրնալուն փաստեր կը պակսին (․․․)», գրած է, եւ շարունակած՝ թէ կրօնքը «ոչ թէ պայման է միայն, այլ առաւել եւս քան զպայման է ընկերութեանց եւ ազգութեանց, անոնց դայեակն է եւ խնամակալը եւ մշտատեւ յանձանձիչը»։ Հայութեան պարագային, ինչպէս այլոց, ըստ ինքեան կրօնականը՝ «ազգային եղեւ եւ է իրականապէս»։
Գ․- Աւանդութեան յատկանիշը։ «Ազգութիւն մը գոյութիւն ունենալու համար՝ պէտք է ունենայ եւս աւանդութիւն մը», գրած է։ «Աւանդութիւն» ըսելով՝ իմացած է անցեալի յիշողութիւնը պատմութեամբ, «նախնի եւ արդի դիւցազանց» քաջագործութիւններուն դրուագներով, «նախնի մեծութեան նշխարներով», ազգային երգերով եւայլն։ Հայութիւնը ունէր «փառաւոր եւ յուսացուցիչ աւանդութիւն մը», որ ցոյց կու տար անոր «երկարաժամանակեայ» տեւողութիւնը։
Ե․- Լեզու եւ դպրութիւն ունենալու յատկանիշները։ Ըստ իրեն, հայ լեզուն «շատ յարմար» էր դարուն «լուսաւորութեան», եւ՝ «դիւրըմբռնելի հասարակ ժողովրդեան»։ Իբր ապացոյց՝ յիշած է հայերէնով «ամէն կերպ գիտութեանց» եւ «ամէն նիւթի» գիրքերուն հրատարակումները։ Նաեւ արձանագրած, թէ օտար լեզուներու հմտութիւն ունեցողները կը տեսնեն, որ հայերէնը այն լեզուներէն որեւէ մէկէն յետադասելի չէ։ Եւ այս նոյն փորձառութիւնը ոչ միայն գիրքերուն պարագային, այլեւ՝ պարբերական հրատարակութիւններուն, որոնք «ամենայն պարզութեամբ քաղաքական եւ քաղաքագիտական նիւթերը» կը բացատրէին։
Իսկ դպրութեան կապակցաբար՝ գրած է․ «Հայ մատենադարանը ըստ հմուտ անձանց կարծեաց՝ երկու բիւր գիրքէ աւելի ունի այժմ», գրած է։ Հրատարակչական ընթացքը արձանագրած է իբր գոհացուցիչ, եւ դրական գնահատած է «ամէն գլխաւոր քաղաքի մէջ հայ տպարանի մը գոյութիւնը։
Զ․- Արհեստներու, արուեստներու եւ զինուորական ասպարէզի մէջ յաջողութիւններու յատկանիշը։ «Մեր բժիշկք, մեր ճարտարապետք, մեր փաստաբանք, մեր լուսանկարիչք, մեր երաժիշտք քաղքիս մէջ (Կ․ Պոլսոյ) ընտրելագունից հետ կը մրցին, չըսեմ թէ ընտիրները կը գերազանցեն», գրած է։ Նաեւ ակնարկած է ցարական բանակին մէջ հայերու բարձր պաշտօններուն եւ որոշադրիչ դերերուն։
Է․- Քաղաքական յառաջընթացի յատկանիշը։ Թէեւ հպատակ Օսմանեան սուլթանութեան եւ Ռուսական կայսրութեան՝ Օրմանեան Վարդապետ հայութիւնը տեսած է արդէն քաղաքական ինքնակազմակերպումի հանգրուանի սեմին։ Հայը, ինչպէս անցեալին, իր օրով եւս՝ ամէնուր «քաղաքագէտ անձինք» կ’ընծայէր, եւ ցոյց կու տար իր տաղանդը քաղաքագիտութեան մէջ։
Ը․- Հայրենիք մը ունենալու յատկանիշը։ Հայութիւնը անհայրենիք չէր, այլ իրաւատէրն էր երկրի մը, թէեւ որուն «սահմանաց մէջ օտարք մտած ըլլան, կամ բնիկք օտարացած, կամ սահմանագլխոց գիծերը աւրուած»։
Թ․- Կեդրոնական կազմակերպութիւն ունենալու յատկանիշը։ Այսինքն կառոյց, որ հաւաքականութեան մը ներքին կեանքը եւ գործունէութիւնը կը տնօրինէ։ Հայութեան պարագային նկատի ունենալով անոր սփռուածութիւնը՝ Օսմանեան սուլթանութեան մէջ կամ յաչս սուլթանին կեդրոնական կազմակերպութիւնն էր Հայոց Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը թէեւ կը գտնուէր ցարական իշխանութեան ներքեւ, սակայն զայն ներկայացուցած է իբր կառոյց՝ որ կը յօդակապէ համայն հայութիւնը։
Ժ․- Նպատակ ունենալու յատկանիշը։ Գրած է․ «Առանց նպատակի՝ տարտամ են աշխատութիւնք, անպտուղ են ջանք, ընդ վայր են ձգտմունք, եւ զուր են բոլոր ցարդ յիշեալ պայմանաց ներգործութիւնք եւ ազդեցութիւնք»։ Նպատակն է, որ ազգ մը կամ ազգութիւն մը կը ձեւակերպէ՝ եթէ խառնակ է․ կը հաստատէ՝ եթէ ձեւակերպուած է․ կը յառաջացնէ՝ եթէ հաստատուած է․ եւ կը պայծառացնէ՝ եթէ յառաջացած է։ Հայութեան պարագային քանի մը անմիջական երեք նպատակներ կարեւորած է․ 1) «Հայաստանի ձեւ մը տալ», նկատի ունէր՝ այն տարիներուն մեծ յոյսերով օսմանահպատակ հայութիւնը խանդավառած Հայաստանի բարեկարգումներով փոփոխութիւնները․ 2) Հայաստանի վերաբնակեցումը․ եւ 3) Հայ նոր սերունդին դաստիարակութիւնն ու ուսման մէջ բարձրացման պայմաններու ստեղծումը եւ բարձրացումը։
(Շարունակելի 4)