ՀՅԴ ՀԵՄ-ի 2026-ի բանակումը համախմբեց շուրջ 300 երիտասարդներ Բիւրականի մէջ
- (0)

ԲԻՒՐԱԿԱՆ — Օգոստոս 3-9, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան 2026-ի բանակումը՝ «Պայքարը շարունակւում է» խորագիրով։
Բանակումին մասնակցեցան շուրջ 300 երիտասարդներ՝ Հայաստանի տարբեր մարզերէն։ Մէկշաբաթեայ ծրագիրը ընդգրկեց խմբային աշխատանքներ եւ խաղեր, արշաւներ, արտակարգ փորձութիւններ, ազգային երգ ու պար, ինչպէս նաեւ քաղաքական, ազգային եւ հասարակական հարցերու նուիրուած քննարկումներ։
Բանակումի ընթացքին դասախօսութիւններով հանդէս եկան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սարգիս Մկրտչեան, ՀՅԴ երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ի նախկին նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ անդամ Ժիրայր Պէօճէքեան։
Բանակումին հիւրընկալուեցան նաեւ Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատարական կազմի անդամներ Արտաշէս Մխիթարեան, Անդրանիկ Ափոյեան եւ Բորիս Տէր Յովհաննիսեան, ինչպէս նաեւ Արդարութեան մարտիկ եւ ՀՅԴ անդամ Համբիկ Սասունեան։
Բանակումը եզրափակուեցաւ աւանդական խարոյկով, որուն մասնակցեցան ՀԵՄ-ի տարբեր սերունդներու՝ հին ու նոր անդամներ։