Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ հինգ եպիսկոպոսներու նկատմամբ դատավարութիւն պիտի սկսի

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները աննախադէպ քայլի դիմած են՝ քրեական հետապնդում սկսելով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ բարձրաստիճան հոգեւորականներու նկատմամբ։

Հայաստանի նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայոց Հայրապետը պիտի կանգնի քրեական դատարանի առջեւ։

Տեղական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ու հինգ հոգեւորականները կը մեղադրուին դատական օրինական որոշման գործադրութիւնը իբրեւ թէ դիտումնաւոր կերպով խոչընդոտելու եւ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յանցանքով։ Անոնց նկատմամբ նաեւ երկրէն բացակայելու արգելք սահմանուած է։

Կաթողիկոսին հետ դատի պիտի յանձնուին Նաթան արք. Յովհաննիսեան, Հայկազուն արք. Նաճարեան, Վահան եպս. Յովհաննիսեան, Էտկար եպս. Յակոբեան եւ Արթուր եպս. Յակոբեան։ Առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 7-ին։

Գործը կապուած է Գէորգ եպս. Սարոյեանի պաշտօնազրկման հետ։ Մայր Աթոռը զայն պաշտօնէ հեռացուցած էր՝ պաշտօնական դիրքի չարաշահման, առաջնորդական պարտականութիւնները չկատարելու, ինչպէս նաեւ թեմի հոգեւորականներուն նկատմամբ ճնշումներ բանեցնելու պատճառաբանութեամբ։

Սարոյեան մերժած էր Եկեղեցւոյ առաջադրած մեղադրանքները եւ դիմած դատարան։ Դատարանը յետագային որոշած էր զինք վերահաստատել պաշտօնին վրայ, սակայն Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը չէր գործադրած այդ որոշումը։

Սարոյեան միաժամանակ հրապարակաւ զօրակցած էր Նիկոլ Փաշինեանի՝ Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ ծաւալած արշաւին եւ պաշտպանած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին միջամտելու իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնները։

Կաթողիկոսին ու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն նկատմամբ քրեական հետապնդումը իշխանութիւններու կողմէ Մայր Աթոռին դէմ իրականացուող ճնշումներու վերջին եւ ամենալուրջ դրսեւորումն է։ Փետրուարին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նկատմամբ արդէն իսկ սահմանուած էր երկրէն բացակայելու արգելք, որ դատարանը վերցուցած էր ապրիլին։

Իշխանութիւն–Եկեղեցի յարաբերութիւնները կտրուկ սրած են 2025-ի մայիսէն ի վեր, երբ Փաշինեանի քննադատութիւնները աստիճանաբար վերածուեցան Կաթողիկոսը պաշտօնազրկելու բացայայտ քաղաքական արշաւի։