ՄԱԿ-ի փորձագէտները հարցականի տակ կը դնեն «Սրբազան պայքար»-ի դատական գործը

ԵՐԵՒԱՆ.- ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան լիազօրութիւններով գործող փորձագէտները մտահոգութիւն յայտնած են Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ «Սրբազան պայքար» շարժման անդամներուն դէմ յարուցուած քրէական գործին վերաբերեալ՝ նշելով, որ ահաբեկչութեան մեղադրանքները, կիրառուած խափանման միջոցները եւ ցուցարարներուն դէմ ուժի գործածութիւնը կրնան հակասել Հայաստանի միջազգային պարտաւորութիւններուն։

Պաշտպանական կողմի դիմումին հիման վրայ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստանի կառավարութենէն պարզաբանում պահանջած է 12 Յունիս 2024-ին Ազգային ժողովին մօտ ոստիկանութեան գործողութիւններուն մասին։ Փորձագէտները նշած են, որ ուժի գործածութիւնը եւ տասնեակ քաղաքացիներու վիրաւորումը կրնան մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում հանդիսանալ։

Անոնք հարցականի տակ դրած են նաեւ շարժման անդամներուն գործողութիւնները «ահաբեկչութիւն» որակելու հիմնաւորուածութիւնը՝ ընդգծելով, որ միջազգային չափանիշներով նման մեղադրանքներ պէտք է վերապահուին այն արարքներուն, որոնք դիտաւորեալ սպանութիւն կամ ծանր վնաս կը նախատեսեն։

ՄԱԿ-ի փորձագէտները մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հրապարակային պնդումներուն առնչութեամբ, որոնք կրնան խախտել անմեղութեան կանխավարկածը։

Հայաստանի կառավարութիւնը մերժած է բոլոր մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ոստիկանութեան գործողութիւնները օրինական եւ համաչափ եղած են, իսկ քրէական հետապնդումը հիմնուած է նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու վրայ։

Պաշտպանական կողմը, իր հերթին, կը պնդէ, որ իրաւապահներուն հրապարակած ձայնագրութիւնները կեղծուած էին եւ ընդհանուր պարունակէն դուրս ներկայացուած էին։ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի փաստաբան Տաթեւիկ Սողոյեան նշած է, որ թէեւ ՄԱԿ-ի փորձագէտներու կարծիքը պարտադիր իրաւական ուժ չունի, միջազգային ատեաններու մէջ կրնայ ծանրակշիռ նշանակութիւն ունենալ։

Գործով անցնող 18 մեղադրեալներէն ներկայիս ոչ ոք կալանքի տակ կը գտնուի։