TRIPP-ի սահմանային եւ մաքսային գործառոյթները պիտի մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ

ԵՐԵՒԱՆ — TRIPP երթուղիին առնչուող սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները պիտի մնան Հայաստանի վերահսկողութեան տակ, «Ազատութեան» յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարարութիւնը։

Ամերիկեան գերատեսչութիւնը ընդգծած է, որ նախագիծը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։ «Հայաստանի իշխանութիւններն են, որ պիտի իրականացնեն վերահսկողութիւնը եւ կայացնեն առանցքային որոշումները», նշուած է պատասխանի մէջ։

Հայաստանի փոխարտաքին գործերու նախարար Մնացական Սաֆարեան վերջերս յայտարարած էր, որ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ԵԱՏՄ-ի անդամ, հետեւաբար TRIPP-ի ծիրէն ներս տարանցման գործընթացները պիտի իրականացուին միութեան գործող կանոնակարգերուն հիման վրայ։

ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարարութիւնը չէ յստակացուցած, սակայն, թէ TRIPP-ի համար առանձին տարանցման կարգաւորումներ կը նախատեսուի՞ն, կամ այս հարցին շուրջ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ արդէն համաձայնութիւն գոյութիւն ունի՞։

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին չէր բացառած, որ փաստաթուղթերու ընդունման, ուղեւորներու անմիջական սպասարկման եւ տարանցման վճարներու գանձման որոշ գործառոյթներ վստահուին երրորդ երկրի մը։ Ուաշինկթըն նաեւ չէ բացայայտած, թէ մինչեւ այժմ որքան ֆինանսաւորում յատկացուցած է TRIPP նախագիծին։