Իրանի դեսպան․ TRIPP ծրագիրը Իրանի համար սպառնալիք չի ներկայացներ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի իշխանութիւնները Իրանին հաւաստիացուցած են, որ TRIPP ծրագրի իրականացումը որեւէ մարտահրաւէր կամ սպառնալիք պիտի չստեղծէ Իրանի համար։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին։
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ դեսպանը շեշտած է, որ ծրագրին առնչուող վտանգներու կառավարումը եւ հաւանական մարտահրաւէրներու կանխարգիլումը պէտք է տեղ գտնեն հայ-իրանական երկկողմ օրակարգի առաջնահերթութիւններուն շարքին։
Իրանի դեսպանը նաեւ նշած է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յուշագիրի ստորագրութենէն ընդամէնը 20 օր անց արդէն իսկ արձանագրուած են խախտումներ։
«Հետեւաբար, Իրանի ամբողջովին օրինական եւ տրամաբանական մտահոգութիւնը՝ իր սահմաններուն մօտ ամերիկեան ներկայութեան վերաբերեալ, պէտք է յստակ պատասխան ստանայ, իսկ այդ մտահոգութիւնները պէտք է փարատուին», ըսած է ան։
Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ յունիս 4-ին հեռակայ կարգով ստորագրած էին TRIPP ծրագրի շրջանակային համաձայնագիրը։ Հայաստանի անունով փաստաթուղթը ստորագրած էր արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու անունով՝ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ։