Սահմանադրական դատարանը մերժեց ընտրութիւններու արդիւնքները չեղեալ յայտարարելու դիմումները

ԵՐԵՒԱՆ — Սահմանադրական դատարանը մերժեց խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին որոշումը։

Դատարան դիմած ուժերուն շարքին էին խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ քանի մը տասնեակ ձայնի տարբերութեամբ չէր յաղթահարած 4 տոկոսի ընտրական շեմը։

Դիմում ներկայացուցած քաղաքական ուժերը նշած էին, որ ընտրական գործընթացին ընթացքին արձանագրուած են լուրջ խախտումներ՝ վարչական միջոցներու օգտագործումէն մինչեւ ընտրակաշառքի մասին տեղեկութիւններ։ Անոնք դատարանէն պահանջած էին չեղեալ յայտարարել ընտրութիւններու արդիւնքները։

Որոշումի հրապարակումէն ետք արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան լրագրողներուն ըսաւ, որ «արդարադատութիւնը յաղթեց»։ ԲՀԿ-ի ներկայացուցիչ Արամ Օրբելեան, իր կարգին, նշեց, որ Սահմանադրական դատարանը պատմական հնարաւորութիւն ունէր չեղեալ յայտարարելու ընտրութիւններու արդիւնքները։ Ան ըսաւ, որ ներկայացուած ապացոյցները բաւարար էին առնուազն ԲՀԿ-ին պատգամաւորական լիազօրութիւնները ապահովելու համար։

ԲՀԿ-ի վիճարկումին առանցքը այն էր, որ ԿԸՅ-ն երկու ընտրատեղամասերու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալէ ետք կուսակցութիւնը ձայներ կորսնցուցած էր եւ չէր կրցած յաղթահարել ընտրական շեմը։ ԿԸՅ-ի նախագահ Վահագն Յովակիմեան, սակայն, դատարանին մէջ պնդած էր, որ արձանագրուած խախտումները չեն ազդած ընտրութիւններու ընդհանուր արդիւնքին վրայ։

Գործի քննութեան մասնակցեցան Սահմանադրական դատարանի 9 դատաւորներէն 7-ը։ Դատաւորներ Վլադիմիր Վարդանեան եւ Արտակ Զէյնալեան չմասնակցեցան քննութեան՝ կողմերուն նկատմամբ կանխակալ վերաբերում ունենալու հիմքով։

Դատավարութեան մէկ մասը տեղի ունեցաւ փակ ռեժիմով, քանի որ քննութեան առարկայ դարձած էին գաղտնի փաստաթուղթեր։ Անոնց մէջ կային քարոզարշաւի ընթացքին ընդդիմադիրներու դէմ յարուցուած քրէական վարոյթներուն, ինչպէս նաեւ ընտրողներու ցուցակներուն վերաբերող նիւթեր։

Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, որ դատարանին մէջ ներգրաւուած էր որպէս երրորդ կողմ, պաշտպանեց ԿԸՅ-ի դիրքորոշումը։