Հիքմեթ Հաճիեւ Եւ Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցան Դիլիջանի մէջ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․ Աdրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած են Դիլիջանի մէջ՝ քննարկելով հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին առնչուող հարցեր։
Երկու կողմերը հանդիպումէն ետք տարածած են նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւններ, որոնց համաձայն՝ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են խաղաղութեան օրակարգին վերաբերող հարցեր, եւ ընդգծուած է երկկողմանի ուղիղ երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը։
Կողմերը համաձայնած են շարունակել աշխատանքային շփումները եւ պայմանաւորուած են, որ յաջորդ հանդիպումը կայանայ Ատրպէյճանի մէջ։ Հանդիպման բովանդակութեան վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած։
Այս հանդիպումը յատկանշական էր նաեւ այն առումով, որ Հիքմեթ Հաճիեւ առաջին անգամ պաշտօնական այցելութիւն կատարեց Հայաստան։ Անկէ առաջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքներուն ծիրին մէջ, Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուստաֆաեւն ալ այցելած էր Հայաստան։