Ընտրական Օրէնսգիրքը ԿԸՀ-ին կը պարտադրէ վերաքուէարկութիւն, ոչ թէ անմիջական արդիւնքներու ամփոփում

ԵՐԵՒԱՆ․ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՀ) իրաւական հիմք չունի Ազգային ժողովի լիազօրութիւններուն (մանդատներու) վերջնական բաշխման որոշում կայացնելու, եթէ առանձին ընտրատեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչցուած են։ Այս մասին կը նշուի հրապարակուած իրաւական վերլուծութեան մէջ, ուր կը շեշտուի, թէ գործող Ընտրական օրէնսգիրքը նման պարագաներուն կը պահանջէ վերաքուէարկութեան կազմակերպում։ «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 95-րդ յօդուածի առաջին մասի 3-րդ կէտը կը պարտադրէ ԿԸՀ-ին նման պարագաներուն նշանակել վերաքուէարկութիւն, այլ ոչ թէ անմիջապէս ամփոփել ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները եւ բաշխել մանդատները։

Շրջանարուող վերլուծութիւններուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ առանձին տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու որոշումը հիմնուած է «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 44-րդ յօդուածի 13-րդ մասի վրայ, որ կը կարգաւորէ նոր կազմով տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներու ձեւաւորումը վերաքուէարկութեան կամ ընտրութիւններու անվաւեր ճանաչման պարագային։ Ըստ վերլուծաբաններուն, այս դրոյթը կը նշանակէ, որ արդիւնքները անվաւեր ճանչնալէ ետք ԿԸՀ-ն պարտաւոր է վերաքուէարկութիւն նշանակել համապատասխան տեղամասերուն մէջ։

Իրաւան վերլուծութիւնները նաեւ մտահոգիչ կը համարեն այն, որ արձանագրուած բազմաթիւ ընտրախախտումներու պայմաններուն մէջ ընդամէնը երեք ընտրատեղամասերու արդիւնքները անվաւեր ճանչցուած են։ Նշուած են քուէարկութեան գաղտնիութեան խախտումներ, վարչական միջոցներու համակարգուած չարաշահումներ եւ այլ ընտրախախտումներ, որոնք, ըստ հեղինակներուն, կրնային հիմք հանդիսանալ աւելի լայն իրաւական որոշումներու համար։

«Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 95-րդ յօդուածի առաջին մասի 4-րդ կէտի հիմամբ ԿԸՀ-ն կրնայ ընդունիլ «Ազգային ժողովի ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու եւ վերաքուէարկութիւն նշանակելու մասին» որոշում, քանի որ առկայ են հիմքեր ոչ միայն առանձին տեղամասերու, այլ ամբողջ ընտրական գործընթացի օրինականութիւնը կասկածի տակ դնելու համար։