Քրիստինէ Վարդանեան․ Մանդատներ ստանալը եւ փողոցային պայքարը իրարու չեն հակասեր

ԵՐԵՒԱՆ․ «Հայաստան» դաշինքի ընտրացանկին մէջ ընդգրկուած Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան յայտարարած է, թէ խորհրդարանական մանդատներ ստանալը եւ իշխանափոխութեան նպատակով փողոցային պայքար մղելը իրարու հակասող երեւոյթներ չեն։

Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ քաղաքացիներու հարցումներուն պատասխանելով՝ ան նշած է, թէ ընդդիմութիւնը անցեալին թէ՛ մանդատ ունենալով եւ թէ՛ առանց մանդատի փողոցային պայքար իրականացուցած է, հետեւաբար այդ երկուքը փոխադարձաբար չեն բացառեր զիրար։

Վարդանեանի խօսքով՝ խորհրդարանական մանդատը նոյնիսկ կրնայ նպաստել ընդդիմադիր պայքարին, որովհետեւ անիկա որոշակի պաշտպանութիւն կ’ապահովէ ընդդիմադիր առաջնորդներուն, կը մեծցնէ անոնց հանրային հնչեղութիւնը եւ աւելի լայն հնարաւորութիւն կու տայ միջազգային դերակատարներու եւ հանրութեան հետ հաղորդակցելու։ Միաժամանակ, ան շեշտած է, թէ մանդատ ունենալը փողոցային պայքար իրականացնելու պարտադիր նախապայման չէ՝ յիշեցնելով «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը, որ իրականացուած էր առանց խորհրդարանական ներկայացուցչութեան։

Անդրադառնալով մանդատներ ընդունելու կամ հրաժարելու վերաբերեալ վերջնական որոշման՝ Վարդանեան ըսած է, թէ ներկայիս կը շարունակուին ձայներու վերահաշուարկները, իսկ գլխաւոր հարցերէն մէկը այն է, թէ արդեօք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պիտի յաղթահարէ խորհրդարան անցնելու շեմը։

Ան ընդգծած է, թէ մանդատներու, հետագայ պայքարի ձեւերու եւ այլ ռազմավարական հարցերու շուրջ որոշումները պէտք է ընդունուին ընդդիմութեան միասնական դիրքորոշմամբ, իսկ այդ մէկը հնարաւոր պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ յստակ դառնայ, թէ քանի ընդդիմադիր ուժ ներկայացուած պիտի ըլլայ խորհրդարանին մէջ։

Վարդանեանի համաձայն՝ յառաջիկայ շաբաթուան ընթացքին այդ պատկերը պիտի յստականայ, որմէ ետք ընդդիմութիւնը նաեւ պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարան՝ վիճարկելու ընտրութիւններու արդիւնքներն ու անոնց օրինականութիւնը։ Ան շեշտած է, թէ այս գործընթացը առնչութիւն չունի մանդատներ ընդունելու կամ չընդունելու հարցին, քանի որ ընդդիմութիւնը կը վիճարկէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ստացած ձայներուն ճշգրտութիւնն ու ընտրութիւններուն ընթացքին կիրառուած մեթոտներուն ազդեցութիւնը վերջնական արդիւնքներուն վրայ։

Վարդանեան նաեւ անդրադարձած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի այն յայտարարութեան, թէ եթէ ընդդիմադիր ուժերը հրաժարին իրենց մանդատներէն, իշխանութիւնը կը քննարկէ զանոնք շեմը չյաղթահարած այլ քաղաքական ուժերու փոխանցելու հնարաւորութիւնը։ Ան նշած է, թէ դժուար է կանխատեսել իշխող ուժի քայլերը։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը եզրափակած է, թէ հետագայ աշխուժ գործողութիւններու վերաբերեալ որոշումները պէտք է ընդունուին ընդդիմութեան միասնական քննարկումներու արդիւնքով, իսկ այդ գործընթացին համար հիմնարար նշանակութիւն ունի պարզելը, թէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը յաղթահարէ՞ խորհրդարանական անցողիկ շեմը, թէ ոչ։