Նարեկ Կարապետեան․ ԲՀԿ-ի վերահաշուարկի արդիւնքներէն ետք պիտի յստականան մեր յաջորդ քայլերը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ․- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան համակարգող Նարեկ Կարապետեան յայտարարեց, որ իրենց քաղաքական ուժը կը սպասէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քուէներու վերահաշուարկի արդիւնքներուն, որպէսզի պարզուի՝ արդեօք ԲՀԿ-ն պիտի յայտնուի Ազգային ժողովին մէջ, թէ ոչ, որմէ ետք միայն պիտի հրապարակեն իրենց յաջորդ քայլերուն վերաբերող յայտարարութիւնը։
Անոր խօսքով՝ եթէ ԲՀԿ-ն յաղթահարէ խորհրդարան անցնելու շեմը, ընդդիմութիւնը աւելի մեծ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ առանցքային նշանակումներու ընթացքին իր ազդեցութիւնը բանեցնելու եւ խորհրդարանական լծակներով հակակշիռ ստեղծելու։ Կարապետեան նաեւ նշեց, որ այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ աւելի ազդեցիկ կերպով առաջ մղել շարք մը հարցեր, ներառեալ քաղբանտարկեալներու խնդիրը։
Կարապետեան ընդգծեց, որ եթէ վերահաշուարկի արդիւնքները չստեղծեն նման հնարաւորութիւն, «Ուժեղ Հայաստան»-ը առանձին յայտարարութեամբ պիտի ներկայացնէ իր գնահատականն ու յետագայ քայլերը։
Անդրադառնալով իշխանափոխութեան հնարաւոր տարբերակներուն՝ ան նշեց, որ այդ կարելի է իրականացնել ընտրութիւններու միջոցով կամ սահմանադրական ճանապարհով՝ փողոցային պայքարի արդիւնքով, եթէ Ազգային ժողովի անհրաժեշտ թիւով պատգամաւորներ աջակցին իշխանափոխութեան։ Ան յիշեցուց, որ ներկայ կազմին մէջ իշխող խմբակցութեան ընդամէնը ութ պատգամաւորի դիրքորոշման փոփոխութիւնը կրնայ փոխել խորհրդարանական ուժերու հաւասարակշռութիւնը։