ԿԸՅ․ ԲՀԿ-ի արձանագրած անճշտութիւնները պիտի շտկուին եւ արտացոլուին վերջնական արդիւնքներուն մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․– Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան արձանագրած անճշտութիւնները պիտի շտկուին եւ պիտի արտացոլուին ուրբաթ հրապարակուելիք քաղուածքներուն, ինչպէս նաեւ կիրակի օրուան ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն մէջ։

ԲՀԿ-ն նախորդ օրը բարձրաձայնած էր, որ միայն չորս ընտրատեղամասերու մէջ շուրջ 120 ձայն հաշուի չէ առնուած։ Կուսակցութիւնը վերահաշուարկ պահանջած է նաեւ շարք մը ընտրատեղամասերու համար, ներառեալ թիւ 27/7 տեղամասը, ուր իր պնդումով 77 ձայներէն 76-ը չէ արձանագրուած։

ԿԸՅ-ի համաձայն, թէ արդեօք Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը պիտի յաղթահարէ 4 առ հարիւր անցողիկ շեմը, յստակ պիտի դառնայ կիրակի, վերջնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք։ Նախնական տուեալներով, ԲՀԿ-ն ստացած է 3.996 առ հարիւր ձայն։

Վերահաշուարկի դիմած են նաեւ «Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութիւնն ու «Հայաստան» դաշինքը։ Վերահաշուարկի գործընթացը նախատեսուած է աւարտիլ ուրբաթ օրը։