Բագրատ Սրբազանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ տնային կալանքի

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 4-ին, Վերաքննիչ դատարանը, դատաւոր Վազգէն Ռշտունիի նախագահութեամբ, որոշեց փոխել Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի խափանման միջոցը՝ բանտային կալանքը փոխարինելով տնային կալանքով։

Դատարանը նաեւ արտօնեց, որ Բագրատ Սրբազանը առանց իրաւապահ մարմիններու ուղեկցութեան մեկնի Իջեւան՝ մասնակցելու յունիս 7-ին տեղի ունենալիք քուէարկութեան։ Անոր տրամադրուեցաւ եօթ ժամ ժամանակ։

Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան կալանքի տակ կը գտնուի 2025-ի յունիսէն ի վեր։