Գարեգին Բ.՝ քաղաքական ուժերուն. «ժողովուրդը հեռու պահեցէ՛ք հաւանական անցանկալի զարգացումներէն»
- (0)

Սուրբ Էջմիածնի տօնին եւ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հրապարակած իր պատգամին մէջ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն մասնակցելու ընտրութիւններուն՝ առաջնորդուելով ազգի ու հայրենիքի շահերու գիտակցութեամբ եւ գալիք սերունդներուն հանդէպ պատասխանատուութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն՝ զերծ մնալու ատելութեան խօսքէն, ցուցաբերելու զգօնութիւն եւ շրջահայեացութիւն ու «ժողովուրդը հեռու պահելու հնարաւոր անցանկալի զարգացումներէն»։ Ան նաեւ յորդորեց իրաւապահ մարմիններուն ապահովել արդար ընտրութիւններու կայացումը եւ քաղաքացիներու ազատ կամարտայայտութիւնը։
Իր պատգամին մէջ Գարեգին Բ. մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի ներկայ իրավիճակին առնչութեամբ՝ նշելով, որ հասարակութիւնը բաժնուած է, իսկ Հայ Եկեղեցին եւ եկեղեցասէր անհատներ հետապնդումներու ու ճնշումներու կ՚ենթարկուին։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածնի խորհուրդը կոչ մըն է ազգային միասնութեան, ներքին խաղաղութեան վերականգնման եւ քրիստոնէական հաւատքին ամուր կառչած մնալու։
Հայրապետը իր պատգամը աւարտեց աղօթքով, որպէսզի ժողովուրդին կատարելիք ընտրութիւնը ծառայէ հայրենիքի ապահով, խաղաղ եւ առաջընթաց ապագային։