Փաշինեան կը մերժէ ԵՄ անդամակցութեան հարցով հանրաքուէի անհրաժեշտութիւնը
- (0)

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ մօտ ապագային հանրաքուէ չի նախատեսուիր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով՝ արձագանգելով ԵԱՏՄ-ի անդամ չորս պետութիւններու ղեկավարներուն կոչին։
Փաշինեան նշեց, որ քանի դեռ Հայաստանը պաշտօնապէս չէ դիմած Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կամ թեկնածու երկրի կարգավիճակի համար, նման հանրաքուէ կազմակերպելը «անտրամաբանական» է, քանի որ հարցը ներկայիս կը մնայ տեսական մակարդակի վրայ։
Ան նաեւ վերահաստատեց, որ Հայաստանը մտադրութիւն չունի դուրս գալու Եւրասիական տնտեսական միութենէն՝ շեշտելով, որ Երեւանը պիտի շարունակէ համագործակցիլ Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ղազախստանի եւ Ղրղըզստանի հետ եւ պիտի փորձէ լիարժէք կերպով օգտագործել միութեան տնտեսական ներուժը։
Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուայէն կը շարունակուին զգուշացումները Հայաստանի՝ Եւրոպական ուղղութեամբ քայլերուն հնարաւոր տնտեսական հետեւանքներուն մասին։ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք կրկին ակնարկեց Հայաստան մատակարարուող կազի գիներու հարցին՝ պնդելով, որ երկիրը այլընտրանքային աղբիւրներ չունի։
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, ԵԱՏՄ-ԵՄ ընտրութեան հարցը կը մնայ քաղաքական բանավէճի առանցքային թեմաներէն մէկը։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան զգուշացուց, որ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու խզումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան համար, մինչ արեւմտամէտ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ ընտրութիւններէն ետք հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պիտի վերադառնան բնականոն հունի։