ԵԱՏՄ-ի գագաթնաժողովին պիտի քննարկուին Հայաստանի՝ ԵՄ չափանիշներուն անցնելու որոշման «ռիսքերը»
- (0)

Եւրասիական տնտեսական միութեան պետութիւններու ղեկավարները այս շաբաթ նախատեսուած Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի քննարկեն այն ռիսքերը, որոնք կրնան առաջանալ Հայաստանի՝ եւրոպական չափանիշներու եւ կանոնակարգերու անցնելու որոշումէն։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։
Օվերչուքի համաձայն՝ Հայաստանը «բաւականին աշխուժօրէն կ՛աշխատի» եւրոպական չափանիշներու եւ կանոնակարգերու անցնելու ուղղութեամբ, ինչ որ, ըստ անոր, կրնայ տնտեսական վտանգներ ստեղծել ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն համար։ Ռուս պաշտօնատարը նշած է, թէ այդ հարցերը պէտք է գնահատուին, եւ թէ քննարկման նիւթը կրնայ ներառուիլ գագաթնաժողովի օրակարգին մէջ, եթէ անդամ պետութիւններու ղեկավարները համաձայնին։
Ռուսիոյ փոխվարչապետը կրկին շեշտած է, որ Մոսկուա կը սպասէ, որպէսզի Երեւանը աւելի յստակեցնէ իր դիրքորոշումը ԵԱՏՄ-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Ըստ անոր՝ ներկայ իրավիճակը «մեծ անորոշութիւն» կը ստեղծէ, մասնաւորաբար ներդրողներուն համար։
Օվերչուք նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ռուսական տնտեսական շահերուն վերաբերեալ զարգացումներուն շուրջ։ Ան յիշատակած է ռուսահայ գործարարի (Սամուէլ Կարապետեան-խմբ.) մը պատկանող ելեկտրական ցանցերու «փաստացի բռնագրաւումը», ինչպէս նաեւ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան զիջումային պայմանագրին վերաբերող քննարկումները՝ պնդելով, թէ այս բոլորը «անառողջ մթնոլորտ» կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ գործող ռուսական գործարար շրջանակներուն համար։
Մոսկուան արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ ընտրութիւն կատարել ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրամիութեան միջեւ։ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, կը պնդեն, թէ նման ընտրութեան պահը տակաւին չէ հասած, եւ որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրները չեն կրնար Հայաստանը դուրս հանել միութենէն։