Սամուէլ Կարապետեան կասկածի տակ դրաւ ՀԱՊԿ-ի արդիւնաւէտութիւնը

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան կասկածի տակ դրաւ ՀԱՊԿ-ի արդիւնաւէտութիւնը՝ նշելով, թէ եթէ Հայաստան համոզուի, որ կազմակերպութիւնը «անիմաստ» է, ապա պիտի լքէ զայն։

Factor.am-ի հաղորդմամբ՝ «Արաւօտ» օրաթերթի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի հարցումին պատասխանելով՝ Կարապետեան ըսաւ, թէ նախ անհրաժեշտ է ուսումնասիրել, թէ ինչու ՀԱՊԿ-ը եւ Ռուսիան չարձագանգեցին Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն։

«Եթէ տեսնենք, որ իսկապէս անիմաստ կազմակերպութիւն է, բնականաբար դուրս պիտի գանք։ Բայց եթէ ներկայ իշխանութիւնները տարիներէ ի վեր կը պնդեն, թէ ՀԱՊԿ-ը անիմաստ է, ապա ինչո՞ւ մէկ ստորագրութեամբ չեն լքեր զայն», ըսաւ ան։

Կարապետեան նաեւ ենթադրեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները գուցէ չեն կրնար համագործակցիլ ՀԱՊԿ-ի հետ արտաքին ճնշումներու պատճառով՝ ակնարկելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գործօնը։

Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս վերահաստատած էր, թէ Հայաստանի վերադարձը ՀԱՊԿ-ի գործուն մասնակցութեան «անիրատեսական» է։ Ապրիլ 1-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան յայտարարած էր, թէ 2022-ին ՀԱՊԿ-ը չգործարկեց իր մեխանիզմները՝ հակառակ Հայաստանի ակնկալիքներուն, ինչ որ յանգեցուց ներկայ իրավիճակին Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի յարաբերութիւններուն մէջ։