«Հայաստան» դաշինքը Ապարանի եւ Թալինի մէջ շարունակեց քարոզարշաւը
- (0)

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Ապարանի եւ Թալինի մէջ շարունակած է իր նախընտրական հանդիպումները՝ խիստ քննադատութեան ենթարկելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը։ Քոչարեան յայտարարած է, թէ ներկայ իշխանութիւնները «պառակտած են հասարակութիւնը, մարդիկ իրարու դէմ հանած եւ թուլցուցած երկիրը»։
Ան յատկապէս անդրադարձած է Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն՝ նշելով, թէ Փաշինեանի քաղաքականութեան հետեւանքով Մոսկուայի մէջ արդէն կը քննարկուին Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ծաղիկներու արտահանման սահմանափակումներու հարցերը։ Քոչարեանի համաձայն, ռուսական կողմի վերջին արձագանգները «շատ վատ նշան» են եւ կրնան լուրջ վնաս հասցնել հազարաւոր քաղաքացիներու, որոնք Ռուսիա արտահանման վրայ հիմնուած տնտեսութիւն ունին։
Քոչարեան ընդգծած է, թէ մեծ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զգուշաւորութիւն ցուցաբերել՝ աւելցնելով, որ Ռուսիան արդէն անցած է գործնական քայլերու։ Ան նաեւ յայտնած է, թէ բարեկամ եւ ոչ բարեկամ երկիրներու նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ որդեգրելը միջազգային քաղաքականութեան սովորական գործելաձեւ է։
Անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Քոչարեան շեշտած է, թէ «Հայաստան» դաշինքը կը խօսի բացառապէս Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին մասին՝ զայն բնորոշելով որպէս անբաժանելի իրաւունք։
Ապարանէն ետք «Հայաստան» դաշինքը քարոզարշաւը շարունակած է Ալագեազ գիւղին մէջ, ուր Քոչարեանը դիմաւորուած է աղուհացով։ Եզիտիական համայնքի ներկայացուցիչները նաեւ գամփռ շուն նուիրած են անոր։