Արամ Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ խօսեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին
- (0)

ՎԱՏԻԿԱՆ – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Վատիկանի Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու հրաւէրով, Մայիս 19-ին դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Դիմագրաւող Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ։
Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները։ Արամ Ա. իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակին եւ այդ պայմաններուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած հիմնական դժուարութիւններուն։
Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորաբար շեշտեց Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ քրիստոնեաներու իրաւունքներու անտեսումը եւ շրջանին մէջ շարունակուող արտագաղթի վտանգաւոր երեւոյթը։ Ան ընդգծեց, թէ տարածաշրջանի քրիստոնէութիւնը պէտք է որդեգրէ իրատեսական ու գործնական ռազմավարութիւն՝ համապատասխան ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն։
Այս ծիրին մէջ, Արամ Ա. յատկապէս կարեւոր նկատեց համայնքային կեանքի վերակազմակերպումը, քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան խորացումը, ինչպէս նաեւ կրաւորական դիրքաւորումէն գործօն դերակատարութեան անցումը։
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Կաթողիկոսը անդրադարձաւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութեան, Զատկուան միացեալ թուականի սահմանման կարեւորութեան եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութեան վերակենսաւորման հրամայականին։
Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն՝ աւելի սերտացնելու իրենց համագործակցութիւնը, իսկ Արեւմտեան երկիրներուն՝ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն։