Ատրպէյճան կը միջամտէ Հայաստանի ընտրութիւններուն. Թաթոյեան փաստեր պիտի յանձնէ ԵՄ-ին

«Միասնութեան Թեւեր» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածու Արման Թաթոյեան յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան կը միջամտէ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ ի նպաստ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վերարտադրութեան։

Ընկերային ցանցերու վրայ սփռուած ուղիղ եթերի մը ընթացքին Թաթոյեան նշած է, թէ փաստեր պիտի փոխանցէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան՝ ընդգծելով, որ Պաքուէն հնչող վերջին սպառնալիքներն ու քարոզչական յայտարարութիւնները ակնյայտ միջամտութիւն են Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացներուն։

Ան յիշեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջերս կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ «հայերուն հոգեբուժներ եւ բժիշկներ պէտք են», որուն Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխան չեն տուած։ Թաթոյեան նաեւ մատնանշած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու եւ պատգամաւորներու վերջին սպառնալից արտայայտութիւնները, որոնց մէջ հնչած են կոչեր՝ «ընտրութիւններէն առաջ հայ հասարակութեան ցոյց տալու երկաթէ բռունցքը»։

«Եթէ Եւրոպական Միութիւնը կը պայքարի ռուսական միջամտութեան դէմ, ապա նոյն սկզբունքով պէտք է կանխուի նաեւ ատրպէյճանական միջամտութիւնը», յայտնած է Թաթոյեան՝ աւելցնելով, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է կարենայ ընտրութիւն կատարել ոչ թէ վախի մթնոլորտին տակ, այլ ազգային շահերէն մեկնելով։

Եւրոպական Միութիւնը ֆինանսաւորում տրամադրած է Հայաստանին՝ ընտրական գործընթացներուն մէջ ռուսական միջամտութեան դէմ պայքարելու նպատակով։