2026-ի Արդ Եւս-ի նպաստառուները յայտարարուած են

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 2026-ի արդ եւս-ի տասը նպաստառուները: Այս տարի եւս ժամանակակից մշակոյթ ձեւաւորողները զայն կը դիտարկեն որպէս ընկերային ենթակառուցուածք` կենդանի ու շնչող ցանց մը, որ արեւմտահայերէնը կը գործարկէ շարժապատկերի, թուային գործիքներու, երաժշտութեան եւ բեմականացման միջոցով:

Հայկական համաշխարհային բնապատկերին շարունակ զարգացող պայմաններուն մէջ արդ եւս նպաստի ծրագիրը կը մնայ կենսական հարթակ մը` ժամանակակից ստեղծագործողներուն համար, որոնք արեւմտահայերէնը կը գործածեն որպէս նորարար արտայայտութեան գործուն միջոց: Այս փուլին ընտրուած ծրագիրները ցոյց կու տան, թէ արուեստը ինչպէ՛ս կրնայ կամրջել սահմաններ` իրարու միացնելով հայկական սփիւռքի համայնքները, ձայներն ու յիշողութիւնները:

Այս տարուան ընտրութիւնը կ՛ընդգրկէ աշխարհագրական լայն տարածք` Լիբանանէն եւ Հայաստանէն մինչեւ Ֆրանսա, Գերմանիա, Քանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` արտացոլացնելով արեւմտահայ ստեղծագործական աշխարհի համաշխարհային բնոյթը:

Նպաստառուները եւ նախագիծները.

– Արման Փեշտմալճեան` (Հայաստան/Ֆրանսա/ԱՄՆ)` 1001 ձայն. Երաժշտական նախագիծ մը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային հայկական փորձառութեան բազմազան ձայնային արտայայտչաձեւերը: Հինգ նոր արեւմտահայերէն գործեր` հիմնուած նորագիր կամ ստեղծագործաբար թարգմանուած արդի բնագիրներու վրայ:

– Հայ ստեղծագործներ (ԱՄՆ/Խումբ)` Այն բառերը, որոնք մեզի կը նուիրեն. ցրուած դպրոցներ. հրատարակութիւն մը, որ պիտի բաղկանայ հաւաքածոյէ մը, ուր իւրաքանչիւր ներդրում կ՛առաջարկէ արեւմտահայերէնի թարգմանութեան եւ կիրարկումի փորձարական դպրոց մը:

– Քրիստոֆըր Ադամեան, Թամար Յովսէփեան, Նանէ Դաւթեան (ԱՄՆ/Հայաստան/Խումբ)` Աննա Պօղիկեան. վաւերագրական ժապաւէն. Շարժապատկերային դիմանկար մը` հանրայայտ արդի արուեստագէտ Աննա Պօղիկեանի մասին, որուն գործերը զգալիօրէն ձեւաւորած են ինքնութեան, յիշողութեան, նիւթականութեան եւ մշակութային շարունակականութեան շուրջ ծաւալած տրամասումները արդի արուեստի աշխարհին մէջ:

 Յակոբ Մանուկեան (Լիբանան/Հայաստան)` Լիբանանի հայկական հնչիւնապնակը. Ժապաւէն մը, որ պիտի վաւերագրէ լիբանանահայ համայնքի ինքնատիպ հնչիւնային համայնապատկերը եւ երաժշտական ժառանգութիւնը` քննելով, թէ արուեստն ու լեզուն ինչպէ՛ս կ՛արտացոլացնեն իրենց ժամանակը, եւ թէ ինչպէ՛ս պատմական, քաղաքական ու տնտեսական ուժերը կը ձեւաւորեն արուեստի ուղղութիւնն ու արտայայտչաձեւերը:

– Հրանդ Գալեմքէրեան (Ֆրանսա/Լիբանան)` ՕԴԱԲԵՐԻԿ. Նախագիծ մը, որ պիտի ներկայացնէ վաւերագրական-յօրինովի շարք մը բաժնելու աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու պատմութիւնները եւ զանոնք բերելու Պուրճ Համուտ` վերստին պատմուելու համար: Կարճ տեսահոլովակներու միջոցով ան պիտի սփռէ սփիւռքեան պատմութիւններ, որոնք կը միախառնեն երեւակայական եւ իրական տարրեր:

– Մարլեն Ետոյեան (Քանատա/Հայաստան)` Լեզուի հոգե-աշխարհագրութիւնը. Հետազօտութիւն մը, թէ շրջապատն ու մեր բնակած տարածքները ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն ընկալումներ, վարքագիծներ ու փորձառութիւններ: Փորձագրական խառնածին ժապաւէն մը, որ լեզուին կը մօտենայ հոգե-աշխարհագրութեան պրիսմակով: Ժապաւէնը կը քննէ, թէ լեզուն ինչպէ՛ս կը գոյատեւէ, երբ կը զրկուի կայուն աշխարհագրութենէ, եւ թէ ինչպէ՛ս կը վերաձեւաւորէ ինքնութիւնը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ:

– Նիակարա Արմինէ Նեժ Թոնոլի (Ֆրանսա)` Երկու անգամ մեկնածները. Յուզիչ հայեացք մը` տեղահանութեան շերտերուն եւ ինքնութեան դիմակայութեան: Վաւերագրական ժապաւէն մը Ֆրանսայի Ռոնի հովիտի հայ ընտանիքներուն մասին, որոնք մասնակցեցան դէպի Խորհրդային Հայաստան հայրենադարձութեան` 1936-ին եւ 1947-ին:

– Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Գերմանիա)` Լեզուներ. Հետազօտութիւն մը` գիրքը որպէս սփիւռքն ու բազմալեզուութիւնը հասկնալու միջոց: Բազմալեզու, փորձարական գիրք մը` հիմնուած Գրիգոր Պըլըտեանի համանուն արեւմտահայերէն բնագիրին վրայ: Նախագիծը կը համադրէ ընտրուած հատուածներ եւ սփիւռքի ու բազմալեզուութեան շուրջ փորձագրական խորհրդածութիւններ` լուսանկարչական աշխատանքի հետ:

– Սէրլի Խաչիկօղլու (ԱՄՆ)` Լեզուներու միջեւ. յիշողութեան լեզուն. Բազմազգայական ցուցահանդէս մը եւ անոր ընկերակցող կայքէջ մը, որ կը հետազօտէ հայկական միջսերնդային ինքնութիւնը` արեւմտահայերէնը դիտելով որպէս հոգածութեան, գոյատեւումի եւ պատկանելիութեան լեզու: Գործ մը, որ արմատաւորուած է անձնական եւ ընտանեկան պատմութիւններու մէջ` զանոնք հիւսելով տեսողական արուեստի, գրութեան, ձայնային եւ արխիւային նիւթերու միջոցով:

– Ցոլակ Գալստեան (Հայաստան)` Մարմնաւորուած լեզու. «Նուար» (noir) ոճի պարային ժապաւէններու եռերգութիւն մը, որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ներքին ուժը կը թարգմանէ շարժումի եւ ստուերի լեզուով: Միջգիտակարգային նախագիծ մը, որ կը ստեղծէ պարային երեք կարճ ժապաւէններ` իւրաքանչիւրը ոգեշնչուած արեւմտահայ մեծանուն բանաստեղծի մը գործէ:

Այս նախագիծներուն սատարելով` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ մշակոյթը դիտել որպէս հիմնարար ենթակառուցուածք: Այս գործերը աւելին կ՛ընեն, քան` պարզապէս լեզուն պահպանելը. անոնք կը նորարարեն լեզուով` ապահովելով արեւմտահայերէնի մնայուն կապը քննական մտածողութեան հետ, արուեստի գերազանցութեան եւ ընկերային կապի միջոց:

Արդ եւս|in view նպաստներ կը տրամադրէ մինչեւ 10.000 եւրօ` իւրաքանչիւր նախագիծի համար: Անհամբեր կը սպասենք այս նախագիծներու իրականացումին. անոնց յառաջիկայ տարիներուն պիտի ներկայացուին թուային հարթակներու, ցուցադրութիւններու եւ կահոնքներու (ինսթոլէյշըն) միջոցով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/  էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին` https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities