Եւրոպական Յանձնաժողովը հրապարակեց Հայաստանի վիզաներու ազատականացման առաջին զեկոյցը
- (0)

Եւրոպական Յանձնաժողովը մայիս 5-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն փոխանցած է Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման վերաբերեալ առաջին զեկոյցը։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ զեկոյցը կ՛արձանագրէ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական յանձնառութիւնը՝ ԵՄ-ի հետ վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ բարեփոխումները իրականացնելու համար։
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի արձանագրած քայլերը՝ փաստաթուղթերու անվտանգութեան, սահմաններու եւ գաղթի կառավարման, հասարակական անվտանգութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ։
Յանձնաժողովը նաեւ առաջարկութիւններ ներկայացուցած է արձանագրուած բացերը լրացնելու համար՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է ապահովել ընդունուած օրէնքներու հետեւողական ու գործնական իրականացումը։
Հայաստան-ԵՄ վիզաներու ազատականացման երկխօսութիւնը սկսած էր 2024-ի սեպտեմբերին, իսկ գործողութիւններու ծրագիրը Երեւանին փոխանցուած էր 2025-ի նոյեմբերին։