Կարսի մէջ կայացաւ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերագործարկման շուրջ հայ-թրքական քննարկում

Ապրիլ 28-ին, Կարսի մէջ գումարուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպումը՝ նուիրուած Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման հարցին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, թէ տարածաշրջանային փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ընդլայնման ծիրին մէջ, երկու կողմերը ընդգծած են նշեալ երկաթուղիին շուտափոյթ գործարկման կարեւորութիւնը։

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ողջունած է այս քայլերը՝ զանոնք բնութագրելով որպէս տասնամեակներ շարունակ փակ մնացած տնտեսական եւ հասարակական կապերու վերաբացման ուղղութեամբ շօշափելի առաջընթաց։ Դեսպանատունը նաեւ շեշտած է, որ այս գործընթացը կարեւոր դեր կրնայ ունենալ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման մէջ՝ նշելով, թէ նման զարգացումներու հիմքերը նախապէս դրուած էին օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթնաժողովին ընթացքին։

Նիկոլ Փաշինեան աւելի վաղ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ հետ ընթացող «դրական» երկխօսութիւնը յոյս կը ներշնչէ, որ կարելի է մօտ ապագային հասնիլ հայ-թրքական սահմանի բացման։ Իր կարգին, Հաքան Ֆիտան ընդգծած էր, որ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ այն պարագային, երբ Երեւանն ու Պաքուն ստորագրեն վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիր։

Միաժամանակ, Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնյան վերջերս Թուրքիոյ մէջ յայտարարած էր, որ Անգարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ կը գտնուի Ատրպէյճանի ազդեցութեան ներքոյ։