Հայաստանի ԵՄ անդամակցութիւնը կրնայ մինչեւ 23 տոկոս համախառն ներքին արդիւնքի կորուստի յանգեցնել՝ ըստ ռուս պաշտօնեայի գնահատականին

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխքարտուղար Ալեքսէյ Շեւցով յայտարարած է, թէ Հայաստանի հնարաւոր անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան կը կրնայ զգալի տնտեսական հետեւանքներ ունենալ Երեւանի համար՝ պատճառելով մինչեւ 23% համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) կորուստ, նոյնիսկ ամենապահպանողական հաշուարկներով։

Շեւցովի համաձայն՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւնէն Հայաստանի դուրս գալը եւս կը յանգեցնէ լուրջ տնտեսական անկման։ Ան նշած է, որ նման պարագային ՀՆԱ-ն կրնայ նուազիլ 15.1 տոկոսով (մօտ 3.65 միլիառ տոլար), ներքին սպառումը՝ 14.1 տոկոսով, իսկ արդիւնաբերական արտադրութիւնը՝ 26.3 տոկոսով։ Առաւել ծանր հարուած կը ստանան մետաղագործութեան, խմիչքներու, ծխախոտի եւ սննդարդիւնաբերութեան ճիւղերը, ուր անկումները կրնան հասնիլ մինչեւ մէկ երրորդի։

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ քիմիական արտադրութիւնը կրնայ նուազիլ շուրջ 20 տոկոսով, իսկ հիւսուածեղէնի ոլորտը՝ մօտ 15 տոկոսով։ Միաժամանակ, գնաճը կրնայ բարձրանալ 14.3 տոկոսային կէտով, իսկ գործազրկութիւնը՝ 6.4 տոկոսային կէտով։

Միեւնոյն ժամանակ, ռուս պաշտօնեան շեշտած է, որ Հայաստանի դուրս գալը ԵԱՏՄ-էն գրեթէ աննշան ազդեցութիւն կ՚ունենայ միութեան միւս անդամներուն վրայ, ուր կորուստները պիտի մնան «հարիւրորդական տոկոսներու» սահմաններուն մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Շեւցով նշած է, թէ այդ գործընթացը կը պահանջէ հայկական տնտեսութեան համապատասխանեցում եւրոպական չափանիշներուն, ներառեալ՝ շուկայի մասնաբաժիններու եւ թեքնիքական կանոնակարգերու կիրարկում, որոնք կը պահանջեն լրացուցիչ ներդրումներ։ Ան նաեւ զգուշացուցած է, թէ ԵՄ մաքսային վերահսկողութեան համակարգի ներդրումը կրնայ խաթարել ապրանքներու ազատ տեղաշարժը։

Շեւցովի գնահատմամբ՝ այս բոլոր փոփոխութիւնները կրնան յանգեցնել ՀՆԱ-ի լրացուցիչ 7.7 տոկոս անկման, ներքին սպառման 7.48 տոկոս նուազման, գնաճի 8.3 տոկոսային կէտով աճի եւ գործազրկութեան 4.1 տոկոսային կէտով բարձրացման։

Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան ոլորտին՝ ան նշած է, թէ ԵՄ անդամակցութիւնը եւ հնարաւոր մուտքի արտօնագրային դրութիւններու կիրառումը Ռուսաստանի եւ Իրանի քաղաքացիներուն նկատմամբ կրնայ կտրուկ նուազեցնել զբօսաշրջիկներու հոսքը։ Ան ընդգծած է, որ այս ոլորտը կը կազմէ Հայաստանի ՀՆԱ-ի շուրջ 13.5 տոկոսը եւ կը ներգրաւէ պաշտօնապէս աշխատողներու մօտ մէկ քառորդը, հետեւաբար նման զարգացումները ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ երկրի տնտեսութեան վրայ։