Մեղրին՝ ԱՊՀ 2026-ի մշակութային մայրաքաղաք
- (0)

Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) «Մշակութային մայրաքաղաքներ» միջպետական ծրագրի ծիրին մէջ 2026 թուականին Մեղրի հռչակուած է ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք, իսկ միջոցառումներու պաշտօնական մեկնարկը տեղի ունեցած է Մեղրի եւ Ագարակ համայնքներուն մէջ։
Տարուան ընթացքին նախատեսուած նախաձեռնութիւններու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ մայիս 16-17-ին Մեղրիի մէջ կայանալիք Արհեստներու միջազգային 5-րդ փառատօնը՝ «Ստեղծարար համայնք, կայուն ապագայ» խորագիրով։ Նախորդ տարիներուն փառատօնը տեղի ունեցած է Գիւմրիի, Դիլիջանի, Արենիի եւ Գաւառի մէջ։
Երկօրեայ այս ձեռնարկին ընթացքին Մեղրին պիտի վերածուի արհեստներու, ազգային երգ ու պարի եւ աւանդական խոհանոցի տօնական կեդրոնի։ Այցելուները պիտի ունենան առիթ ծանօթանալու հայկական խոհարարական աւանդութիւններուն եւ շրջանին յատուկ ուտեստներուն։
Փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուին թէ՛ հայկական, թէ՛ այլ ժողովուրդներու արհեստներ՝ գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, ժանեկագործութիւն, փայտագործութիւն, խեցեգործութիւն, դարբնութիւն, զարդագործութիւն եւ այլ ուղղութիւններ։ Նախատեսուած են նաեւ վարպետաց դասեր, ցուցահանդէս-վաճառքներ, ինչպէս նաեւ ազգային երգ ու պարի ելոյթներ։
Միջոցառումը կազմակերպուած է Հովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանի համագործակցութեամբ, Մեղրիի համայնքապետարանի եւ այլ գործընկեր կառոյցներու աջակցութեամբ։
Նախաձեռնութեան նպատակն է խթանել ստեղծարար համայնքի ձեւաւորումը՝ Մեղրիի մշակութային ներուժի աշխուժացմամբ, միաժամանակ խորացնել միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ նպաստել ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման։
Փառատօնին պիտի մասնակցին մօտ 20 արհեստագործ վարպետներ Հայաստանէն եւ շուրջ երկու տասնեակ մասնակիցներ ԱՊՀ երկիրներէն, ինչպէս նաեւ Վրաստանէն եւ Իրանէն։
Ծրագիրը կը ներառէ միջոցառումներ թէ՛ մեծերու, թէ՛ երեխաներու համար՝ ներառեալ ստուերներու թատրոն, տիկնիկային ներկայացումներ եւ հեքիաթներու ընթերցումներ։ Փառատօնը պիտի եզրափակուի համերգներով՝ «Կաթիլ» խումբի, «Մանել» երգչախումբի եւ «Վարը վարենք» կրթամշակութային կազմակերպութեան մասնակցութեամբ։
Բացման օրը կը համընկնի «Թանգարաններու գիշեր» համաեւրոպական նախաձեռնութեան հետ։