Սամուէլ Կարապետեանի դատական նիստը յետաձգուեցաւ

Գործարար եւ բարերար, «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի գործով դատական առաջին նիստը, որ սկսած էր ապրիլ 15-ի առաւօտեան ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարանին մէջ, յետաձգուեցաւ։ Դատարանը յայտարարեց, թէ նիստը պիտի շարունակուի ապրիլ 17-ին։

Նիստին ընթացքին պաշտպանական կողմը միջնորդեց փոխել Կարապետեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոցը, մինչ դատախազը պահանջեց երեք ամիսով երկարաձգել անոր տնային կալանքը։

Իրաւապաշտպան Արշակ Վարդանեան յայտնեց, թէ գործին մէջ ներառուած 42 վկաներու նախաքննական ցուցմունքներուն մէջ չեն հաստատուիր Կարապետեանի դէմ առաջադրուած մեղադրանքներուն վերաբերող հանգամանքներ։ Ան ընդգծեց, բացառուած է վկաներու վրայ ազդելու կամ քննութենէն խուսափելու որեւէ վտանգ՝ նշելով. «Սամուէլ Կարապետեանը փախչող տեսակ չէ, ան քաղաքական յստակ յայտ ներկայացուցած է եւ կը հանդիսանայ կուսակցութեան նախագահ»։

2025 թուականի յունիս 17-ին խուզարկութիւն կատարուած էր Կարապետեանի բնակարանին մէջ, անոր՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հրապարակային աջակցութիւն յայտնելէն յետոյ։ Կարապետեան կալանաւորուած էր յունիս 18-ին։

Անոր դէմ առաջադրուած են մեղադրանքներ՝ հարկերու չվճարման, դրամական միջոցներու լուացման, ինչպէս նաեւ իշխանութեան զաւթման եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղուած հրապարակային կոչերու վերաբերեալ։