«Լուսաւոր Հայաստան»-ը պիտի մասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն
- (0)

«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը որոշած է մասնակցիլ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին յայտարարած է կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեան՝ ֆէյսպուքեան տեսաուղերձի մը միջոցով։
Մարուքեան նշած է, թէ քաղաքական դաշտի ուսումնասիրութենէն ետք եկած են այն եզրակացութեան, որ իրենց կողմէ ներկայացուող օրակարգը՝ ուղղուած հանգիստ եւ բնականոն կեանքի ապահովման ու երկրին մէջ տիրող քաոսին դադրեցման, ներկայիս պատշաճ կերպով չի ներկայացուիր այլ քաղաքական ուժերու կողմէ։ Ան ընդգծած է, որ իրենց մօտեցումը զերծ է արկածախնդրութիւններէ։
Ան նաեւ յայտնած է, որ շուրջ վեց ամիս փորձ կատարած են ձեւաւորելու միասնական ընդդիմութիւն՝ մէկ ճակատով եւ մէկ ընտրական ցուցակով, սակայն այդ ջանքերը արդիւնք չեն տուած։ Միեւնոյն ժամանակ, Մարուքեան չէ բացայայտած իրենց վարչապետի թեկնածուին անունը։
Միաժամանակ, լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան Կարպիս Փաշոյան յայտարարած է, որ ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ իր լրագրողական գործունէութիւնը՝ միանալու համար Մարուքեանի եւ «Լուսաւոր Հայաստանի» ընտրական պայքարին։ Իր գրառման մէջ ան նշած է, թէ չեն մտնելու «մանր ուժերու վարչապետ դառնալու մոլեռանդ մրցավազք»ի մէջ, այլ կը կեդրոնանան երկրի առջեւ կանգնած լուրջ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն վրայ։
Փաշոյան նաեւ շեշտած է, որ պատրաստ են պայքարի եւ մտադիր են շարունակել մինչեւ վերջ։