Միրզոյեան. «Պաքուի մէջ պահուող հայերը պէտք է օր առաջ ազատ արձակուին»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Էսթոնիոյ իր պաշտօնակից Մարգուս Ցահքնայի հետ տուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, արտայայտած է Հայաստանի դիրքորոշումը՝ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ։

Միրզոյեան ըսած է, որ հաստատուած խաղաղութեան ամրապնդման համար հիմնական քայլ պէտք է ըլլայ գերիներու վերադարձը։ Ըստ անոր՝ թէեւ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւնը սկսած է տալ իր «պտուղները» (ինչպէս՝ բեռներու տարանցումը եւ առեւտուրը), սակայն այդ գործընթացը տակաւին ունի «հոգատարութեան եւ խնամքի» կարիք։

«Պաքուի մէջ դեռ կան գերիներ ու պահուող անձինք. մեր դիրքորոշումը նոյնն է՝ այս մարդիկ պէտք է օր առաջ ազատ արձակուին»,— յայտարարած է ան՝ աւելցնելով, որ հարցը մշտապէս կը բարձրացուի միջազգային գործընկերներու հետ շփումներուն ընթացքին։

Իր կարգին, Էսթոնիոյ նախարարը խաղաղութիւնը որակած է որպէս նախապայման՝ տարածաշրջանի բարգաւաճման եւ տնտեսական զարգացման համար։