Միշտ հաւատարիմ մնալ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Միշտ հաւատարիմ մնալ… առանց չակերտներու, քանի որ մեր երդումին չէ, որ կ՚ակնարկեմ առաջին հերթին։

Այս յօդուածը գրելուս դրդապատճառը չե՛ն Հ․Յ․Դ․ 135-ամեակին առթիւ այլազան տեղեր մեր վերջերս ապրած այն յուզիչ պահերը՝ նորընծաներու երդման արարողութիւնները, որոնց ընթացքին անոնք, կրկնելով իրենց կուսակցական կնքահօր կարդացած տողերը մեր կանոնագրէն՝ հանդիսաւորապէս կ՚երդնուն «պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ միշտ հաւատարիմ մնալ…»։  Այո, մի՛շտ հաւատարիմ մնալ։ Կրկնապէս կը շեշտեմ «միշտ» բառը, քանի որ ի՞նչ հաւատարմութիւն, եթէ մնայուն չըլլայ ան։

Յօդուածիս դրդապատճառը «Մանանա»-ն է՝ Գրիգոր Զօհրապի գրութիւնը իր իսկ խմբագրած «Մասիս»-ի մէջ, 27 Մարտ 1893-ի առաջին էջին վրայ, զոր վերստին կամ գուցէ առաջին անգամ կարդալու բախտաւորութիւնն ու հաճոյքը ունեցայ բարեկամի մը նախաձեռնութեան շնորհիւ։ Ի՞նչ կ՚ըսէր ականաւոր գրողը.

– […] բարոյական մեծ ու շա՛տ անխախտ նկարագրի տէր մարդ պէտք է ըլլալ՝ անյողդողդ մնալու համար այն չուկէտին [մեկնակէտին] վրայ որ, ամեն ազդեցու թենէ անկախ, որոշուած էր եւ որ ահա՛ անզգալաբար, մեղմիւ կը կորսուի, աչքէ անհետ կ՚ըլլայ բոլորովին։

Զօհրապի ուշագրաւ յօդուածը կը վերաբերէր թերթերուն, անոնց խմբագիրներուն կամ աշխատակիցներուն, որոնք շահադիտական նպատակներով կը փոխեն իրենց սկզբնապէս պաշտպանած մտքերը՝ աւելի մեծ թիւով ընթերցողներու հաճոյանալու եւ աւելի թերթ ծախել կարենալու համար։ Զուտ շուկայական մօտեցում, որ խոտոր կը համեմատի ընկերային վսեմ նպատակ մը հետապնդող մամուլին։

Զօհրապի այս խօսքերը, սակայն, մենք կրնանք տեսնել աւելի ընդհանրական շրջածիրի մը մէջ։ Հաւատարմութիւնը բարոյական յանձնառութիւն մըն է։ Կարելի չէ զայն պարտադրել։ Այն հիմնուած կ՚ըլլայ հաւատամքի մը, համոզումի մը, կամ նոյնիսկ տեսակէտի մը վրայ։  Անհատական գետնի վրայ ան կը դրսեւորուի ըն տանեկան շրջանակին մէջ, արեա՛ն կապովն իսկ՝ ծնողքին ու զաւակին միջեւ, զաւակներուն միջեւ, ապա անոնց եւ իրենց ընկերներուն միջեւ, այլեւ այր ու կնոջ միջեւ։ Ի զուր չէ, որ ամուսնութիւնը հանդիսաւոր ծիսակատարութեամբ տեղի կ՚ունենայ։ Խոստում մըն է, որ նորապսակները կու տան իրարու՝ հաւատարիմ մնալու ամբողջ կեանք մը, տէր ըլլալու իրարու ամեն տեսակի դժուարութիւններու կամ փորձութիւններու դէմ-յանդիման։ Շատեր կը ձախողին, ճի՛շտ է, չըլլալով այդ «անխախտ նկարագրի տէր մարդը», տեղի տալով ինչ-ինչ պատճառներով՝ այլի մը առկայութեան, հիւանդութեան թէ ուրիշ ազդակներու։

Այդ հաւատարմութիւնը կը պահանջուի նաեւ գործի ասպարէզի մէջ, թէկուզ առանց ծափ ու ծնծղայի, քշոցի ու կերոնի, զանոնք փոխարինելով յաճախ գրաւոր համաձայնագրերով՝ գործի գաղտնիքները այլոց չփոխանցելու յանձնառութեամբ եւ այլն։

Նոյնն է պարագան անհատի մը ու որեւէ կազմակերպութեան միջեւ պահուելիք հաւատարմութեան, որովհետեւ որեւէ գործ չ՚իրականանար եթէ այդ հաւատարմութիւնը գոյութիւն չունենայ։ Կազմակեր պութիւնը հաշիւ պիտի ընէ անհատին ներդրումին վրայ, առանց որուն կարելի չ՚ըլլար ծրագիր կազմել, ժամանակացոյց դնել, աշխատանք յառաջ տանիլ։

Բայց հաւատարմութիւնը երկկողմանի իրադրութիւն մըն է։ Եթէ անհատը յանձնառութիւններ ունի կազ մակերպութեան հանդէպ, փոխադարձաբար այս վերջինն ալ ունի անհատին հանդէպ, այդ ըլլայ ասպարէզային թէ ընկերային գետնի վրայ։ Կազմակերպութիւններն ալ կրնան թերանալ ու պատճառ հանդիսանալ, որ իրենց պաշտօնեաները կամ անդամ ները իրենցմէ հեռանան։

Այս բոլորը հասկնալի են, բացատրելի։

Ինչ որ ամբողջովին կը տարբերի միւսներէն, այդ ալ գաղափարական հաւատարմութեան հարցն է, եւ կասկած չկայ, թէ յատկապէս ա՛յդ գետնի վրայ եղած ըլլալու է Զօհրապի ընդվզումը այն օրերու կարգ մը լուրջ թերթերէն եւ ոչ թէ առեւտրական նպատակներով հրատարակուող թերթուկներէն։ Մեկնակէտը չմոռնալո՛ւ հրամայականն է, որ կը նշէ ան արդարօրէն։ Կարելի չէ օր մը հանրապետական ըլլալ, օր մը թագաւորական, օր մը  դրամատիրութիւնը պաշտպանել, օր մը ընկերվարութիւնը, եւ այդպէս իրարու հակադրուող սկզբունքներ մատուցել հանրութեան։   Գաղափարական հաւատարմութիւնը բարձրագոյն մակարդակն է հաւատարմութեան։ Բարձրագոյն հասարակական յանձնառութիւնը։ Եւ ի զուր չէ, որ Երդումը այսպէս ալ կը բանաձեւուի.

 Կ՚երդնում պատուոյս ու հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս – իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով – ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին։

Ունենանք այդ մեծ ու շա՛տ անխախտ նկարագիրը՝ տէր ըլլալու մեր այս երդումին։