Հայ Ազգային Քոնգրեսը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին
- (0)

Հայ Ազգային Քոնկրեսը (ՀԱԿ) յայտարարեց, որ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին։ Կուսակցութիւնը այս մասին յայտարարած է չյաջողած դաշինքային բանակցութիւններէն ետք։
Կուսակցութիւնը նշեց, որ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը գործադրած է Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած «Ուժեղ Հայաստան»ի հետ միասնական դաշինք ձեւաւորելու համար՝ իշխանութիւններուն դէմ լայն ընդդիմադիր ճակատ ստեղծելու նպատակով։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ ՀԱԿ-ը դաշինքի կազմութեան համար որեւէ նախապայման չէ դրած եւ ցուցաբերած է «առաւելագոյն ճկունութիւն», սակայն իրենցմէ անկախ պատճառներով նախաձեռնութիւնը չէ իրականացած։
ՀԱԿ-ը կը յայտնէ, թէ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանձին, միեւնոյն ժամանակ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ համագործակցելու «Ուժեղ Հայաստան»ի եւ այլ ընդդիմադիր ուժերու հետ՝ թէ՛ ընտրական ժամանակաշրջանին եւ թէ՛ ընտրութիւններէն ետք խորհրդարանին մէջ հնարաւոր դաշինք կազմելու նպատակով։ Կուսակցութիւնը կը շեշտէ, որ այդ համագործակցութիւնը կը դիտէ որպէս միջոց՝ երկիրը դիմագրաւող սպառնալիքներուն հակազդելու համար։