Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք՝ ապրիլեան հերոսներուն

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 10-րդ տարելիցին առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի պետական ու քաղաքական դէմքեր եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակին։ Այս խորհրդանշական օրուան ընթացքին ներկաները շեշտեցին 2016-ի յաղթական ոգին եւ խստօրէն քննադատեցին Հայաստանի գործող իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը։

Պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ թէեւ հպարտութեան զգացում կայ հերոսական այդ էջին համար, սակայն այսօր տիրական է դաւաճանուածութեան մթնոլորտը, քանի որ պետական մակարդակով որեւէ պատշաճ միջոցառում չէ նախաձեռնուած։ Ան դատապարտեց վարչապետ Փաշինեանի այն գործելաոճը, որով սեփական ձախողութիւններու մեղքը միշտ կը բարդուի այլոց վրայ։

Նմանատիպ մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը՝ հակադարձելով արցախցիներուն ուղղուած «փախստական» որակումներուն։ Նախագահը կոչ ուղղեց ժողովուրդին չտրուելու պառակտիչ սադրանքներուն եւ ընդգծեց, որ արցախահայութեան ներկայ վիճակը իշխանութիւններու քաղաքականութեան ուղղակի հետեւանքն է, մինչդեռ արցախցիները կը շարունակեն հետամուտ ըլլալ իրենց վերադարձի իրաւունքին։

Իր կարգին, պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան քննադատեց իշխանութիւնները պատերազմներու զեկոյցները թաքցնելու եւ պատմական իրողութիւնները աղաւաղելու համար։ Ան նշեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը էթնիկ զտում եւ ցեղասպանութիւն է, իսկ արցախցիներու իրաւունքներուն դէմ պայքարիլը կը նշանակէ արդարացնել Ատրպէյճանի ոճիրները։ Խաչատրեան շեշտեց, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի շահերը հերթական անգամ կը համընկնին, երբ փորձ կը կատարուի Արցախի կորուստը վերագրել նախկին բանակցային գործընթացին կամ արտաքին ուժերուն՝ խուսափելով սեփական քաղաքական պատասխանատուութենէն։