Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն
- (0)

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մտադիր չէ մասնակցիլ յառաջիկայ յունիս 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Այս որոշումը կայացուած է կուսակցութեան Գործադիր մարմնի վերջին նիստին ընթացքին, ուր մանրամասն քննարկուած են երկրի քաղաքական իրավիճակն ու կուսակցութեան ռազմավարական քայլերը։ Կուսակցութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, կատարուած է համակողմանի վերլուծութիւն, որուն հիման վրայ ալ հաստատուած է կուսակցութեան որոշումը։
Թէեւ որոշումը արդէն հրապարակուած է, սակայն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը դեռ չէ պարզաբանած այս քայլին քաղաքական հիմնաւորումները։ Ըստ նոյն աղբիւրին, սոյն որոշման պատճառներն ու կուսակցութեան ապագայ գործունէութեան ծրագիրը պիտի ներկայացուին ապրիլ 4-ին գումարուելիք ՀՀԿ 18-րդ համագումարի ընթացքին։