Իշխան Սաղաթէլեան. «Իրական խաղաղութիւնը կը սկսի այնտեղ, ուր կ’աւարտի վախը»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր խստօրէն քննադատած է Հայաստանի գործող իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը։

Սաղաթէլեան դիտել տուած է, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը կը յարձակի միայն այնտեղ, ուր յաղթանակը երաշխաւորուած է, իսկ 2023 թուականի Արցախի վրայ յարձակումը հնարաւոր դարձաւ միայն այն պատճառով, որ պաշտօնական Երեւանը Արցախը ճանչցաւ Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ փաստօրէն տալով չմիջամտելու երաշխիքներ։

Սաղաթելեան նշած է, որ այսօր նոյն տրամաբանութիւնը կը փորձեն պարտադրել Հայաստանին, սակայն իրականութեան մէջ կը հարուածեն նոյնինքն անոնց, որոնք ծունկի եկած են ու կը հրաժարին պաշտպանուելէ։

ՀՅԴ ներկայացուցիչը շեշտած է, որ պետութիւնը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն ունեցող ղեկավարի պարագային պատերազմի հաւանականութիւնը կը նուազի, քանի որ թշնամին ստիպուած կ’ըլլայ հաշուի առնել պատերազմի «գինը»։ Ան ընդգծած է, որ այսօր Հայաստանի վրայ յարձակիլը Ալիեւի համար «անվճար» է, քանի որ դիմացը կանգնած է չպաշտպանուելու երաշխիքներ տուող իշխանութիւն։

Մէջբերելով Հրանտ Մաթեւոսեանի խօսքերը՝ Սաղաթէլեան կոչ ուղղած է կանգնիլ տղամարդու պէս եւ թոյլ չտալ թշնամիին զոռով կոտրել ու ծալել հայ ժողովուրդը։ Ան իր յայտարարութիւնը եզրափակած է այն համոզումով, որ իրական խաղաղութիւնը հնարաւոր է միայն վախի բացակայութեան պայմաններուն մէջ։