ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը եւ ընդդիմութեան գնահատականը․ Արմէն Ռուստամեանի դիտարկումները

Եթէ Սթրասպուրկի մէջ ընդունուած ԵԽԽՎ-ի «Վեհաժողովի վերահսկողութեան ընթացակարգի առաջընթացը» խորագրով բանաձեւը կը նկատուի ընդդիմութեան տապալում, ապա, ուրեմն, պէտք է ընդդիմութեան տապալում համարել նաեւ այն իրողութիւնը, որ արեւմուտքը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս իշխանութիւնները։ Սա, կը կարծեմ, որեւէ մէկուն համար նորութիւն չէ։ Այս մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ԵԽԽՎ-ի ՀՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով այն քննադատութիւններուն, թէ նախօրեակին ընդունուած բանաձեւը կը նկատուի պատուիրակութեան ընդդիմադիր հատուածի տապալում։

«Այս մթնոլորտին մէջ, ուր այս կառոյցը ունի յստակ քաղաքական դիրքորոշում եւ ամբողջովին հակառուսական ընթացք կը հետապնդէ, այդ է իրենց համար գլխաւորը։ Եթէ որեւէ մէկ հետեւած է Եւրոպայի խորհուրդի նիստերուն, պիտի տեսնէ, որ հոս հակառուսականութիւնը առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ։ Եւ այս վիճակէն կ՚օգտուին ՀՀ գործող իշխանութիւնները՝ ներկայանալով իբր թէ եւրոպական արժէքներ կրող, մինչդեռ մենք բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի երկրին մէջ։

Մենք դժգոհ ենք բանաձեւին մէջ առկայ ձեւակերպումներէն՝ նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ զեկոյցը ներկայացնելէ առաջ պահանջուած էր, որպէսզի վերահսկողութեան համանախագահները այցելութիւն մը կատարէին ՀՀ, սակայն անհասկանալի եւ անընդունելի պատճառաբանութիւններով այդ այցելութիւնը չեղարկուեցաւ։ Անոնք կրնային յետաձգել այցելութիւնը, որովհետեւ իբր պատճառաբանութիւն ներկայացուած էր համանախագահներէն մէկուն հիւանդութիւնը։

Այս առնչութեամբ մեր դժգոհութիւնը փոխանցած ենք իրենց։ Մենք հարկադրուած եղանք առանձին հանդիպումներ ունենալ համազեկուցողներուն հետ եւ ամբողջովին փոխանցեցինք, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ։ Անոնք լաւ տեղեակ են ամէն ինչէ՝ քաղաքական բանտարկեալներու գոյութենէն, եկեղեցւոյ նկատմամբ հալածանքներէն ու արշաւէն, եւ այս բոլորը անոնք շատ լաւ գիտէին, բայց, ինչպէս ըսի, իրենց համար գերակայ է քաղաքական դիրքորոշումը՝ ամէն գնով պաշտպանել այս իշխանութիւնները, եւ ասիկա ոչ մէկուն համար ո՛չ գաղտնիք է, ո՛չ ալ նորութիւն»։

Ռուստամեան նշեց, որ այս ընդհանուր պատկերի մէջ բանաձեւին մէջ կը փորձուի նաեւ որոշ յայտարարութիւններու մէջ շեշտել այն հանգամանքը, որ գոյութիւն ունի անհասկանալի լարուածութիւն վարչապետին եւ եկեղեցւոյ ղեկավարութեան միջեւ։ «Միաժամանակ խօսք եղած է նաեւ վարչական միջոցներու չարաշահման մասին՝ ընտրութիւններու նախօրեակին, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու շուրջ․ այս բոլորը բանաձեւին միւս, այսպէս ըսած, «դիմագիծն» են, որոնք կարելի է տեսնել, թէ համապատասխան են իրականութեան։

Մնացեալը, ընդհանուր առմամբ, կը բխի իրենց քաղաքական դիրքորոշումէն, այն է՝ արեւմուտքը անվերապահօրէն կ՚աջակցի այս իշխանութիւններուն՝ յայտնի պատճառներով»։

Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ պատուիրակութեան անդամները կը շարունակեն հանդիպումներ ունենալ համանախագահներուն հետ եւ բանաձեւին վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները կը փոխանցեն։ «Մենք պիտի փորձենք զիրենք մղել առնուազն աւելի համարժէք դիրքորոշումի, որպէսզի լսեն ոչ միայն իշխանական կողմը եւ չառաջնորդուին միայն անոնց հաղորդումներով, այլ նաեւ ընդդիմութեան տեսակէտներով։ Ի վերջոյ, անոնք գրասենեակ ունին Հայաստանի մէջ, թող երթան եւ ուսումնասիրեն այդ շինծու դատավարութիւնները։ Այլ խօսքով՝ շատ ասելիք ունինք իրենց, որովհետեւ այսպէս չի կրնար վարուիլ այնպիսի կառոյց մը, որ կը փորձէ ժողովրդավարութիւն եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն իրականացնել»,– ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակը հարիր չէ այս կառոյցի հեղինակութեան։