Յարութ, Յասմիկ եւ Հուրի Սողոմոնեաններ 1,300,000 ամերիկեան տոլար կը նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
- (0)

Խոր գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Յարութ, Յասմիկ եւ Հուրի Սողոմոնեաններ, ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, 1,300,000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:
Վերոնշեալ գումարին մէկ միլիոն տոլարը անցեալ տարի փոխանցուեցաւ Կաթողիկոսարան՝ յարգելով հանգուցեալ Հրայրի կտակը, իսկ երեք հարիւր հազար տոլարը՝ վերջերս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան առիթով: Վերոյիշեալ երկու գումարները մաս պիտի կազմեն Կաթողիկոսարանի հիմնադրամներու շարքին, իբրեւ «Հրայր Սողոմոնեան Դպրեվանքի Հիմնադրամ»:
Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը եւ բարձր գնահատանքը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, եւ կ’աղօթէ առ բարձրեալն Աստուած, որ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի հոգին ընդունի երկնային թագաւորութեան մէջ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
23 Յունուար 2026
Անթիլիաս, Լիբանան