Քառասունչորսօրեայ պատերազմի աւարտի հնգամեակի դարձակէտը
- (0)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը աւարտած 9 Նոյեմբեր 2020-ի Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսիա Եռակողմանի Համաձայնագիրը հինգ տարուան պայմանաժամ մը կը ճշդէր՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը հասցնելու համապարփակ լուծումի: Կամ գոնէ այդ գործընթացը, որ սկզբունքով կ’ենթադրէր Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոր հանգրուանի մը յանգումը, հունի մէջ դնել: Հինգ տարուան պայմանաժամին մասին կը յուշէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղադրումը: Եռակողմանի Համաձայնագիրը այդ պայմանաժամին երկարաձգման կարելիութիւնն ալ կու տար, եթէ հակամարտ կողմերը երկուստեք նման փափաք արտայայտէին:
Յետ-պատերազմեան պայմանները, անշուշտ, տրամագծօրէն հակադրուած էին Արցախեան առաջին պատերազմի աւարտին (Մայիս 1994) ստեղծուած պայմաններուն. հայկական կողմը պարտուած էր, Ատրպէյճանը իր տիրապետութեան տակ առած էր աւելի քան այն հինգ շրջանները, որոնք Արցախեան բանակցութիւններու առաջին օրէն, բայց մասնաւորաբար այսպէս կոչուած «Լաւրովի պլան»ով կամ, ըստ արդէն հրապարակային տեղեկութիւններու, 2019-ին Մինսկի Խումբին կողմէ պաշտօնապէս առաջարկուած հակամարտութեան կարգաւորման տարբերակով, որուն հրապարակումը կը պահանջէ Հայաստանի ընդդիմութիւնը, բայց Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը մերժէ այդ մէկը: Ատրպէյճանը, այս ձեւով, ռազմավարական գերակայութիւն հաստատեց, մինչ Արցախն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հողատարածքները դարձան ծայրայեղ խոցելի: Հայկական կողմը կորսնցուց նաեւ տնտեսական բոլոր այն աղբիւրները, մշակումի ատակ հողատարածք թէ ջրային պաշարներ, որոնք քսանվեց տարի առաջ սննթամթերքի ինքնաբաւարարման եւ ապահովութեան իմաստով, թէ զարգացման ընդհանրապէս, մեծ կարողականութիւն ստեղծած էին:
Եռակողմանի Համաձայնագիրը Մինսկի Խումբի լուծարումը չէր նախատեսած: Բայց պատերազմի արդիւնքով գետնի վրայ ստեղծուած կացութիւնը Ռուսիոյ դերակատարութեան կու տար առաջնահերթային, եթէ ոչ միահեծան (հեգեմոն), դերակատարութիւն ի դէմս Արցախի մէջ ռուս զինուորական ներկայութեան՝ Գիւմրիի խարիսխին զուգահեռ: Այդ մէկը նաեւ կ’աւելցնէր Հայաստանի ապահովական կախուածութիւնը իր դաշնակիցէն, որ, եթէ Արցախեան հակամարտութեան ամբողջ գործընթացը, եւ թերեւս ռուսական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ 19-րդ դարի սկիզբէն, ինչ որ վարքագիծ կը թելադրէ, հետամուտ էր բացառապէս իր ներկայութիւնը մնայուն դարձնելու եւ ոչ թէ հակամարտութեան պատշաճ լուծումի մը հասնելով՝ տարածաշրջանէն հեռանալու: Ընդ որում՝ յաճախ ամենախոցելի կողմի, այսինքն՝ Հայաստանի եւ հայութեան, յաւելեալ զիջումի գինով: Կովկասը ռուս կայսերական աշխարհահայեացքին մէջ մաս կը կազմէ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ ռուսական արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ բանաձեւուած «Մօտիկ Հարեւանութեան» ոլորտին – յղացք մը, որ կը յիշեցնէ 19-րդ դարու սկիզբին Ամերիկեան ցամաքամասի տարածքին Ուաշինկթընի «Մոնրոյի Վարդապետութիւն»ը (1823), որ հետամուտ էր Եւրոպական գաղութատիրութենէն եւ ազդեցութենէն հեռու պահել տարածաշրջանը եւ զայն վերածել իր բացարձակ, եթէ ոչ միահեծան, ազդեցութեան գօտիին: Ռուսական կայսերական/մեծապետական ներկայութիւնը, հետեւաբար, Կովկասեան երկիրներուն, ի մասնաւորի՝ ամենախոցելի Հայաստանին, համար ե՛ւ աշխարհաքաղաքական անժխտելի իրողութիւն է, ե՛ւ գերիշխանութեան համար վտանգ, ի դէմս Մոսկուայէն կախուածութեան:
Բայց յետ-Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի ռուսական աշխարհաքաղաքաղական գործօնի մեծացումը Կովկասի մէջ անբաժանելի է դեռեւս հինգ տարի առաջ սուրիական պատերազմի փորձադաշտին մէջ ամրագրուած ռուս-թրքական համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմաքաղաքական յարաբերութեան ենթադրումներէն: Արեւմտեան պետութիւններու (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (ԱՄՆ) եւ Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ)) եւ ՕԹԱՆ-ի գործօնի սահմանափակման, եթէ ոչ բացառման, հետամուտ այս յարաբերութեան բնորդը, գրեթէ հայելային հարիւր տարի առաջ պոլշեւիկ-քեմալական շահերու համընկնումին եւ համագործակցութիւն/մրցակցութիւն յարաբերութեան, վճռական եղաւ պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանական ռազմական առաւելութեան աճին ի գին հայկական կողմի թուլացման, եւ կարծես մինչեւ իսկ կանխորոշեց պարտութիւնը: Մինչեւ հիմա ալ այնքան ալ յստակ չէ թէ պատերազմի դաշտին վրայ թրքական զինուորական բացայայտ նեցուկը Ատրպէյճանին, թրքական նախաձեռնութեամբ իսլամիստներու տեղափոխումը ռազմաճակատի առաջին գիծ եւ, մանաւանդ, թրքական Պայրաքտար Անօդաչու Թռչող Սարքերու (ԱԹՍ) զանգուածային օգտագործումը ընդդէմ հայկական կողմի բացառապէս ռուսական ռազմաթեքնիքային, ռուսական կողմի թոյլտուութեա՞մբ թէ արգիլումի անկարողութեան հետեւանք է: Յստակ է միայն որ Ռուսիան, այո, փորձեց պատերազմը կասեցնել դեռեւս Հոկտեմբերի կէսերուն, բայց հայկական կողմը մերժեց ցարդ անյստակ պատճառներով: Երկրորդ, պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ Աղդամի մէջ ռուս-թրքական զինուորական դիտորդական կեդրոնի մը առաջացումը վկայեց երկու երկիրներուն ռազմաքաղաքական յարաբերութեան նոր ձեւաչափի շարունակման մասին: Եւ, երրորդ, Մոսկուան Պաքուի հետ իր յարաբերութիւնները բարձրացուց ռազմավարական համագործակցութեան մակարդակին: Աւելի՛ն, Համաձայնագրի 9-րդ կէտով Հայաստանի գերիշխանութեան հաշւոյն Ատրպէյճանին կու տար Սիւնիքէն միջանցք դէպի Նախիջեւան՝ ռուսական ամբողջական վերահսկողութեան տակ: Պարզ՝ Մոսկուան կ’անտեսէր այդ միջանցքի կենսական նշանակութիւնը փանթրքական աշխարհաքաղաքական ծրագրին համար, որ հարիւր տարի առաջ Գարեգին Նժդեհը ձախողեցուցած էր արգելք հանդիսանալով Հայաստանի հարաւային շրջանին միացման Խորհրդային Ատրպէյճանին: Կարեւորը՝ միջանցքը իր վերահսկողութեան տակ պահելն էր որպէս լծակ:
Թէ այդ քայլին երթալով Մոսկուա արդէն ի մտի ունէր Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի մը հեռանկարը՝ դժուար է իմանալ: Յստակ է միայն, որ Մոսկուայի մերձեցումը Պաքուի, կամայ թէ ակամայ կը նսեմացնէր Հայաստանի հետ իր ռազմավարական դաշնակիցի կարեւորութիւնը այն ենթադրելով անշրջանցելի պատերազմին պարտուած կողմին համար, հետեւաբար՝ առանց ոչ մէկ գինի: Շատ հաւանաբար Մոսկուա նաեւ անտեսեց, կամ արհամարհեց, պատերազմի ժամանակ իր վերաբերումին անդրադարձը հայաստանեան հանրային կարծիքին մօտ, ուր, ինչպէս յետ-պատերազմեան հարցախոյզերը ցոյց կու տան, Ռուսիոյ հանդէպ ժխտական տրամադրուածութիւնը աճած է – անկախ թէ այդ մէկը կրնայ եւ ոչ միայն ինքնաբուխ ըլլալ:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին պարտուած Հայաստանին, այլեւ այդ պարտութեամբ հոգեկան մեծ ցնցում ապրած հայութեան համար Եռակողմանի Համաձայնագրով ծնունդ առած հնգամեայ ժամանակահատուածը կը նշանակէր պարտութեան հետեւանքներու դիմագրաւում ամենածանր պայմաններու մէջ: Նոյն տարեվերջի իր ուղերձին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ «զէրօ կէտէն» սկիզբի մը մասին, որ այն ժամանակ այնպէս ալ յստակ չեղաւ թէ ինչ ի մտի ունէր: Բայց կ’ենթադրուէր որ «զէրօ կէտը» Հայաստանի եւ Արցախի համար Եռակողմանի Համաձայնութեան ստեղծած ծանր պայմաններն էին: Միջազգային փորձը, քաղաքական տրամաբանութիւնը եւ մինչեւ իսկ ղեկավարի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը կը յուշէին, որ պարտութեան անմիջապէս յաջորդէին անհրաժեշտ քայլեր: Առաջին, պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուի հրաժարական այն տրամաբանութեամբ, որ պարտուած ղեկավարը չի՛ կրնար յաղթողին դէմ յանդիման շրջանցել արհամարհանքն ու ծաղրը իր անձին հանդէպ, որ պիտի տարածուէր ամբողջ երկրին եւ հայութեան վրայ: Երկրորդ, անոր փոխարինումը թէկուզ եւ իշխող նոյն քաղաքական ուժի մէկ այլ ղեկավարի կողմէ: Երրորդ, օրէնսդիր իշխանութեան ոլորտին մէջ հետաքննիչ յանձնաժողովի առաջացում իշխանութեան եւ ընդդիմութեան հաւասար մասնակցութեամբ, որ մասնագիտական խումբի մը պարտականութիւն պիտի տար պարտութեան պատճառներու, պատասխանատուութեան եւ հետեւանքներու առարկայական ախտաճանաչումը կատարէ: Չորրորդ, Ազգային Միասնութեան Կառավարութեան կազմութիւն որպէս առաջնահերթային պարտականութիւն ունենալով յետ-պարտութեան հանգրուանի հետեւանքներու մեղմացում, հնարաւորին վերացում եւ գերազանցում, եւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու պատրաստութիւն: Հինգերորդ, քաղաքական բոլոր ուժերու մէկտեղում ի խնդիր համապարփակ համաձայնութեան մը՝ կարմիր գիծերու եւ կարելի հեռանկարներու մասին: Վեցերորդ, եւ այս մէկը յատուկ հայկական իրականութեան, սփիւռքեան գործօնի ներգրաւում, գիտակցելով անոր ռազմավարական թէկուզ եւ սահմանափակ այնուամենայնիւ կենսական կարեւորութեան, այնպէս ինչպէս երբեք չէր պատահած անկախութեան յաջորդած տարիներուն:
Պատերազմի յաջորդած հնգամեակի դարձակէտը այսօր բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը կը ներկայացնէ:
Եռակողմանի Համաձայնութիւնը փաստացի չեղարկուած է, ընդ որում Ռուսիոյ լուռ համաձայնութեամբ, եւ փոխարինուած ԱՄՆ-ի հովանաւորութեամբ Ուաշիկթընի մէջ 8 Օգոստոս 2025-ի երկկողմանի յայտարարութեամբ: Անկախ իշխող ուժի «ոչ մէկ պարագայի պարտութիւնը ընդունել»ու անհեթեթ տրամաբանութեան վրայ կառուցուած պատումներէն, Եռակողմանի Համաձայնութենէն մինչեւ Ուաշինկթընեան յայտարարութիւն տանող գործընթացը յատկանշուեցաւ հայկական կողմի «զիջումէն յետոյ նոր զիջում» դիւանագիտութեամբ եւ Արցախի հայաթափումով «պարտութենէն յետոյ նոր պարտութեան» ընդունումով, առանց տակաւին յստակ ըլլալու թէ արդե՞օք հասած ենք «զէրօ կէտ»ին թէ ոչ: Հետեւաբար, թէ ինչ եզրայանգում կրնայ ունենալ ուաշինկթընեան գործընթացը ի դէմս «Թրամփի Ուղի»ի թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հեռանկարին՝ այնքան ալ յստակ չէ, եւ, ամէն պարագայի, ենթակայ է Հայաստանէն դուրս առնուած որոշումներուն: Յստակ է միայն որ երկու փաստաթուղթերն ալ այս կամ այն ձեւով Հայաստանին պարտաւորած են ի գին իր գերիշխանութեան տեղի տալ փանթրքական ծրագրի յառաջխաղացքին առաջ: Ինչ որ անիմաստ կը դարձնէ երկու փաստաթուղթերու բաղդատութեան եւ մէկուն կամ միւսին յարաբերական առաւելութեան մասին ամէն խօսոյթ: Խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան բացակայութեան պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը բնականաբար չէ վերացած, ի մասնաւորի Հայտար Ալիեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն, որոնք պարզ եւ մէկին կը ժխտեն հայկական հողատարածքի մը պատմական գոյութիւնը: Եւ եթէ անցեալին Պաքուի բռնատէրին նմանօրինակ յայտարարութիւնները փաստեցին իր անկեղծութիւնը, պատճառ չկայ բացառելու որ այս անգամ ալ ան անկեղծ է: Ռազմական գերակայութիւնը, Հայաստանի տարհամոզման կարողութեան կտրուկ անկումը եւ արտաքին զսպիչ գործօնի բացակայութիւնը Հայաստանի գոյութենական ճակատագրի ճշդումի իր կարողականութիւնը շատ աւելի իրական է քան Փաշինեանի «իրական Հայաստան»ի կայացման կարողականութիւնը: Կը մնայ որ հնգամեակի դարձակէտը ոչ-պատերազմեան կարգավիճակի խաղաղութեան հանգրուան մը բացած է, որուն ծիրին մէջ, ինչպէս յետ-պարտութեան անմիջական հանգրուանին, Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտն է, որ ամէնէն աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ:
Արդ, Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտը հնգամեակի դարձակէտին կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով.
Պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն կը մնայ իշխանութիւնը, շնորհիւ չորս տարի առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Քաղաքացիական Պայմանագրի (ՔՊ) ամբողջական յաղթանակին, որ Ազգային Ժողովին մէջ իր խմբակցութեան տուաւ բացարձակ մեծամասնութիւն: Իշխող ուժին խորհրդարանական մեծամասնութեան մէջ գոնէ անցնող հինգ տարիներուն չառաջացան այնպիսի ճեղքեր, որ ընդդիմութեան թոյլ տար գործադիր իշխանութեան վրայ պարբերաբար ինչ որ չափի հակակշիռ գործադրել կամ այլընտրանքային առաջարկներ անցընել: Փաստօրէն, գործադիր իշխանութեան մակարդակով առնուած ամէն որոշում վաւերացուեցաւ օրէնսդիրի մակարդակով, մինչ ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու եւ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն յաջող աւարտի հասաւ: Աւելին, գործադիր իշխանութեան նեղ շրջանակի մէջ կազմաւորուող ամէն պատում եւ քաղաքական հաշուարկներով իրերայաջորդ ամէն օրակարգ իր ուղին կը գտնէ եւ կը հաստատուի հանրային օրակարգին վրայ:
Այս պայմաններուն մէջ սպասելի է նաեւ որ ժողովրդավարութեան հայկական Թաւշագոյն «բրենդը» վերաճի բառացի ոստիկանապետութեան, որ անհրաժեշտ է ժողովրդային որեւէ զանգուածային զօրաշարժի բռնի չէզոքացման կամ կանխարգելման համար: Ամբողջատիրական կարգերու յատուկ կառավարման այս ձեւերը ըստ երեւոյթին չեն մտահոգեր արտաքին ուժերը: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համար, Հայաստանի ներքաղաքական ամբողջատիրականացումը ոչ միայն մտահոգութեան առարկայ չէ, այլ թերեւս համահունչ իրենց վարչակարգերու էութեան: Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա հոն ալ պէտք է ընդունիլ, ապա եւ եւրոպական մայրաքաղաքներուն յարաբերական լռութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան թէ մարդկային իրաւունքներու խախտումին նկատմամբ պէտք չէ բացատրել այնքան Արեւմտեան արժէքներու «կեղծաւորութեան» ակնարկելով, ինչպէս յատուկ է անհեթեթ եւ փաթեթիկ խօսոյթի մը կամ ռուսական խօսոյթին, որքան ընդունելով որ իշխող ուժն ու իր օրգանական մտաւորականները աւելի հմուտ գտնուած են իրենք իրենց ներկայացնելու որպէս Հայաստանի փրօ-Արեւմուտք «թեքումի» յառաջապահներ: Այս պայմաններուն մէջ, եւ այնքան ատեն որ շարունակուի տնտեսական բարեկեցութիւնը, կամ անոր իրական թէ երեւակայական համոզումը, ապա եւ արդիւնքը պիտի ըլլայ քաղաքական գործընթացներու հանդէպ անտարբերութիւնը, ինչպէս, դարձեալ, բոլոր հարցախոյզները ցոյց կու տան: Իսկ այդ մէկը ձեռնտու է իշխող ուժին, ի մասնաւորի երբ այս վերջինը ամբողջական վերահսկողութիւն ունի պետական համակարգին վրայ՝ գործադիր, օրէնսդիր եւ արդարադատական իշխանութիւններու մակարդակով:
Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան, ապա եւ գլխաւոր հարցումը ընտրողներու անտարբեր մեծամասնութեան հասնելու եւ անոնց համոզելու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու իր կարողութեան մասին է: Անցնող հինգ տարիները ցոյց տուին, որ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ ընդդիմութիւնը անկարող եղաւ ընտրազանգուածին համոզել որ անհրաժեշտ է պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուն հեռացնել իշխանութենէն: Խորհրդարանէն ներս իր դերն ալ անխուսափելիօրէն սահմանափակուեցաւ ընդդիմադիր ձայն ըլլալու առանց գործնական որեւէ արդիւնքի հասնելու՝ գործադիր իշխանութեան վրայ հակակշիռ բանեցնելու թէ այլընտրանքային օրէնսդրական ծրագիրներ թէ յայտարարութիւններ անցնելու իմաստով: Փողոցային պայքարի ծիրին մէջ, մինչ ընդդիմադիր ուժեր յաջողեցան տարբեր զանգուածային զօրաշարժեր իրականացնել, այդ մէկը սակայն չյանգեցաւ կոնկրետ արդիւնքի: Ինչ կը վերաբերի իր ձախողութիւններու քննարկումին եւ անոնցմէ դասեր քաղելու առաջադրանքին, ապա եւ հոն ալ ընդդիմութեան հանրային ամէն ելոյթները կարծես աւելի շուտ կը բացատրէին իշխանութեան յաջողութեան պատճառը փոխանակ ինքնաքննադատական ախտաճանաչում մը ներկայացնելու: Կը մնայ որ թերեւս նաեւ իշխանութիւններու միահեծանութեան հետեւանքով ընդդիմադիր ձայներն ու նախաձեռնութիւնները փաստացիօրէն աճած են ի դէմս նոր նախաձեռնութիւններու ձեւաւորման: Թէ այս բոլորը ինչ արդիւնքի պիտի յանգին, այդ մէկը յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ ընտրութիւններուն:
Անցնող հնգամեակի այս հակիրճ վերլուծումը եւ Հայաստանեան ներքաղաքական գործընթացին համար դարձակէտային պահը կը կատարուի Սփիւռքէն, որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութեան յաջորդած հինգ տարիներուն եղած է իրադարձութիւններու «ձեռնածալ եւ հետեւող հանդիսատես», մէջբերելու համար Սարգիս Մահսերեճեանի յօդուածին մէջ տեղ գտած պատկերը (««Միասնութեան Հանրահաւաք»ին Հորիզոնները», Ասպարէզ, 2 Սեպտեմբեր 2025): Բանաձեւումը ճիշդ է ոչ միայն որովհետեւ անցնող հինգ տարիներուն սփիւռքեան գործօնը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ իրադարձութիւններուն վրայ, չըսելու համար որ անտեսուեցաւ բացի երբ հարցը կը վերաբերէր «մի քիչ փող»ի…, այլ որովհետեւ նման ազդեցութեան համար ձայնով եւ քուէով մասնակցութեան ոչ մէկ հարթակ ստեղծուած է Հայաստանի անկախութենէն ի վեր: Ոչ իսկ ստեղծուած է յարաբերութիւններու քիչ թէ շատ կայուն հայեցակարգ, գոնէ համահայկական հարցերու քննարկման համար: Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին մօտ նման նախանձախնդրութիւն չէ եղած, ոչ ալ համասփիւռքեան մասշտապով կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնները յաջողած են սփիւռքեան գործօնը արժեւորել: Ընդհակառակը, իրենց վարքագիծով նուիրականացուցած են Սփիւռքի «հետեւող»ի դերը: Ճիշդ է, որ «հանդիսատես» ըլլալն ալ իր ձեւի յանձնառութիւն մըն է քանի որ կ’ենթադրէ հայաստանեան իրադարձութիւններուն հետեւիլ թէկուզ եւ գիտակցելով որ սոցիալական ցանցերէն լուրերուն, հարցազրոյցներուն թէ յօդուածներուն հետեւելու յատկացուած ժամերը սփիւռքահայուն պիտի յուշեն իր «ձեռնածալութեան» պայմանը, այսինքն՝ ոչինչ կարենալ ընելը: Հայրենիքի իրադարձութիւններուն հետեւիլը ինքնին Սփիւռքի համար ինքնութեան յանձնառութեան մէկ տարրն է անկասկած: Բայց ոչ հայելին…
«Հորիզոն» – Բացառիկ 2025