Այսօր կայ մէկ գլխաւոր օրակարգ՝ հայ ինքնութեան պահպանման օրակարգը. Արմէն Ռուստամեան
- (0)

Դեկտեմբերի 29-ին «Երկրի հարցը» հաղորդումին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան։
Հաղորդման ընթացքին, Ռուստամեան ամփոփում մը կատարած է անցնող քաղաքական տարուան եւ քաղաքական գնահատական մը տուած է ՀՀ իշխանութիւններու վերջին ութ տարուան գործունէութեան։
«Պէտք է յիշենք, թէ ինչ ունեցած էինք մինչեւ 2018 թուականը ազգովի եւ ինչ ունինք այսօր։ Ունէինք մէկ կարեւոր ձեռքբերում, որ մեր յաղթական ազատամարտին արդիւնքն էր՝ ամբողջական վերահսկողութիւն Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, ունէինք յաղթանակած բանակ, իսկ այսօր ունինք ճիշտ հակառակը՝ հայաթափուած եւ յանձնուած Արցախ, մարտունակութիւնը կորսնցուցած բանակ։ Առաջացած են լրջագոյն խնդիրներ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հետ կապուած»,– ըսած է Արմէն Ռուստամեան։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2026 թուականի ընտրութիւններուն ընդառաջ հնարաւոր զարգացումներուն եւ վերադասաւորումներուն։
Արմէն Ռուստամեանի գնահատմամբ՝ իշխանափոխութիւն կարելի է միայն ընդդիմադիր ուժերու ընդհանուր օրակարգի շուրջ համախմբումով։ «Ազգային ժողով անցողիկ շեմը յաղթահարած ոեւէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ չի կրնար իրեն յաղթած համարել, եթէ ընդհանուր հաշուարկով խորհրդարանին մէջ օրուայ ընդդիմութիւնը չկարենայ ապահովել մեծամասնութիւն»,– նշած է Արմէն Ռուստամեան։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ։