Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախեան կառոյցի անդամներու հանդիպում
- (0)

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախեան կառոյցի անդամներու հերթական հանդիպում։ Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան ներկայացուցած է քաղաքական իրավիճակին վերաբերող զեկոյց մը, որմէ ետք տեղի ունեցած է քննարկում՝ յառաջիկայ աշխտանքներու շուրջ։
ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամները արտայայտած են իրենց խոր մտահոգութիւնը Արցախի թեմի առաջնորդի վարքագիծին շուրջ եւ ընդգծած են, որ անոր կեցուածքը իր նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծած է։
Քննարկուած են նաեւ կազմակերպական հարցեր։ Ներկայներուն հետաքրքրող հարցերէն մէկը կը վերաբերէր ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացքին եւ անոր հետ կապուած խնդիրներուն, որոնք, ըստ էութեան, արհեստական խոչընդոտներու եւ անտեղի քաշքշուկներու կ՚ենթարկուին։
Հանդիպման աւարտին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը վերահաստատած է դաշնակցութեան վճռակամութիւնը՝ Արցախեան հիմնահարցի արդար լուծման ուղղութեամբ մղուող պայքարին, ներկայացնելով այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները՝ ՀՅԴ-ի զանազան կառոյցներու եւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ։