Հայ Եկեղեցւոյ Աաստուածաբանութեան դասընթացքի շրջանաւարտներու հաւաք եւ վկայագրերու բաշխում

Չորեքշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութեան Դասընթացքին մասնակցած 2025 թուականի շրջանաւարտներու հաւաքը, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնագիտական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերպտ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշն. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկ. Ծովիկ Թերզեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը, որ ներկայացուց 2025 տարեշրջանի մասնակիցները, դասընթացքի նպատակը եւ նիւթերը, եւ գալիք ծրագիրները։ Հայ Գեղարդ նշեց, որ ասիկա երկրորդ տարին է այս դասընթացքին, Ուսումնագիտական Բաժանմունքին կողմէ կազամկերպուած, որ տարուէ տարի կը ծաւալի եւ թափ կը ստանայ, ի պատիւ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեամբ եւ աստուածաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ Քրիստոնէական մեր հաւատքը մօտէն եւ խորապէս ճանչնալ փափաքող երիտասարդներու խանդավառ մասնակցութեան, որուն իբրեւ արդիւնք՝ անցեալ տարի առաջին (101) դասարանին վրայ աւելցաւ երկրորդ (102) դասարանը, իսկ 2026-ին, շրջանաւարտներու փափաքին ընդառաջելով՝ պիտի աւելցուի երրորդ (103) դասարան մը։

Ապա, իր օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց՝ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ, Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երիտասարդներու սոյն դասընթացքին իրենց խանդավառ մասնկացութեան, դրուատեց անոնց ունեցած հետաքրքրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ, եւ սորվելու փափաքը, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնան եւ սիրեն Հայ եկեղեցին։ Սրբազան Հայրը մանաւա՛նդ շեշտեց՝ գիտելիքները գործի վերածելու եւ Քրիստոնէավայել օրինակելի կեանքով ապրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս պսակը եւ պտուղը սոյն դասընթացքներուն։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամէն ետք, տեղի ունեցաւ վկայագրերու բաշխումը։

Սրբազան Հօր ձեռամբ շնորհաւորագրեր ստացան անցնող տարեշրջանին սոյն դասընթացքին մասնակցած նորապսակ չորս զոյգեր, որոնց, եւս, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր օրհնանքը, շեշտելով՝ քրիստոնէական եւ հայկական աւանդութիւններուն վրայ կառուցուած՝ Հայ ընտանիքին կարեւորութիւնը։

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ջերմ մթնոլորտ, որու ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, եւ հրաւիրելով զանոնք՝ մասնակից դառնալու իրենց իսկ տան՝ մեր եկեղեցւոյ եւ Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն։

Տէրունական աղօթքով եւ Առաջնորդ սրբազան Հօր «Պահպանիչով» եզրափակուեցաւ շրջանաւատից հաւաքը։

Նշենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաբանութեան Դասընթացքները պիտի վերսկսին Մարտ 2026-ին։ Մանրամասնութիւնները կը փոխանցուին շուտով։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ