Թորոնթոյ»՚ի մէջ նշուեցաւ Տէր Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեանի քահանայական օծման եւ ծառայութեան 40-ամեակը

Կիրակի, 21 սեպտեմբերին, Թորոնթոյի Ս․ Ասուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներու ներկայութեամբ նշուեցաւ տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը, այս մասին կը հաղորդէ «Թորոնթոհայ»ը։

Պատարագէն ետք եկեղեցականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Հայ կեդրոնի սրահը, ուր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեանի համար կազմարերպուած էր ընդունելութիւն մը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ հայր Գարեգին ծ․ վրդ․ Շխրտմեան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Քառասուն տարիներ առաջ սկսած պարզ, բայց խորիմաստ «այո» մըն էր։ Այդ «այո»-ն պատասխանն էր Աստուծոյ կոչին, որ զարդարեց եւ խորացուց մեր եկեղեցւոյ կեանքը։ 22 սեպտեմբեր 1985-ին, Ներսէս սրկ․ Միաքէյեանը վերանուանուեցաւ տէր Տաթեւ քահանայ, որպէս խորհրդանիշ հայ հոգեւոր ժառանգութեան մեծագոյն գանձերէն Տաթեւի վանքին, ուր դարեր քարոզուեցաւ ճշմարտութիւնն ու հաւատքը։ Այսպէս՝ հոգելոյս տէր Սուրէն արք․ Գաթարոյեանի ձեռամբ քահանայացած նորաօծ երիտասարդին հոգւոյն մէջ կայծը դրուեցաւ՝ ըլլալու կենդանի վանք մը, ուր Աստուծոյ անունը միշտ փառաւորուի, հաւատքը քարոզուի ու քրիստոնէութիւնը ծաղկի»։

Ծայրագոյն վարդապետը նշեց, որ տէր հօր քառասուն տարուան ծառայութիւնը ամբողջապէս արժեւորելը դիւրին բան մը չէ, որովհետեւ քառասուն տարուան իր քահանագործութեամբ սերունդներու կողքին ապրեցաւ, անոնց ուրախութիւնն ու ցաւը կիսեց, անոնց փոքրերը փայփայեց եւ երէցները մխիթարեց, քառասուն տարիներ իր կեանքը քարոզի վերածեց՝ հոգեւորականի իր հեզութեամբ, ուսուցիչի իր իմաստութեամբ, հօր հոգածութեամբ, եղբօր համբերութեամբ, ժողովական փորձառութեամբ, խրատողի հաւասարակշռութեամբ, եւ ունկընդիրի կարեկցանքով։

Հայր Գարեգին հետաքրքրական մէջբերումով եւ համեմատականով մը կարեւորեց երէցկնոջ՝ Սօսիին կարեւոր դերը տէր հօր կողքին եւ ըսաւ․ «Օրեր առաջ հարցուեցայ՝ ինչո՞ւ կուսակրօն քահանաներուն «Աստուած օգնական» կ’ըսեն, իսկ քահանաներէն օրհնութիւն կը հայցենք՝ «Օրհնեցէ՛ք, Տէ՛ր հայր» ըսելով։ Ըսի՝ չէի մտածած, բայց կարծեմ հայր սուրբերը Աստուծմէ զատ օգնական չունին, հակառակ տէր հայրներուն, որոնք բախտաւոր են իրենց կողակիցներով, իսկ այս պարագային տէր հայրը՝ երէցկինով։ Եւ արդար պիտի չըլլար նշել այս վսեմ առիթը, առանց անոր դերը բարձրաձայնելու, որովհետեւ ան եղաւ տէր հօր ոգին բարձր պահող պահապան հրէշտակը»։

Ծայրագոյն վարդապետը սրբազան հօր, կրօնական ժողովին, ազգային վարչութեան եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալներուն անունով շնորհաւորեց տէր հայրը եւ երէցկինը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով․ «Տէրը թող յիշէ բոլոր պատարագներդ եւ ուխտդ ընդունելի դարձնէ՛, սիրելի՛ Տէր հայր»։

Այնուհետեւ Գարեգին ծայրագոյն վարդապետը եւ հոգաբարձութիւնը, որպէս խորհրդանշական սիրոյ արտայայտութիւն տէր Տաթեւին նուիրեցին լանջախաչ մը։

Կարօ սրկ․ Սարգիսեան ներկայացնելով տէր հօր կենսագրութեան կարեւոր հանգրուանները, նշեց, որ տէր Տաթեւ Սուրիոյ Բերիոյ թեմէն ներս ստանձնած է զանազան վարչական պաշտօններ, 1991-ին եղած է անդամ Բերիոյ թեմի կրօնական ժողովին եւ դատաստանական խորհուրդին եւ ապա նշանակուած է ատենապետ Հալէպի հայ ծերանոցի խնամակալութեան եւ մօտ տասը տարիներ, մինչեւ 2003-ը, կը վարէր սոյն պաշտօնը։ Իր օրերուն Հայ ծերանոցը ապրեցաւ վերելք եւ զարգացում՝ բոլոր մարզերուն մէջ։ 2016-2018 ծառայած է որպէս հոգեւոր հովիւ Լաթաքիոյ Ս․ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։ Ապրիլ 2019-ին, տէր Տաթեւ աւագ քահանան կը միանայ Գանատայի Հայոց թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ կը վարէ զանազան պաշտօններ Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանէն ներս։ 1 սեպտեմբեր 2019-ին Գանատայի Հայոց թեմի բարեխնամ առաջնորդ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի տնօրինութեամբ, ան կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ։ «Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ մեծ ընտանիքին կողմէ, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ համայնքի անունով կը շնորհաւորենք մեր սիրելի տէր հայրը՝ իր քահանայական ձեռնարդութեան 40-ամեակին կապացութեամբ եւ իրեն կը մաղթենք բեղուն ծառայութիւն, կանաչ երթ եւ նորանոր բարձունքներու նուաճում», իր խօսքի աւարտին ըսաւ Կարօ սարկաւագը։

Հանդիսութեան ընթացքին երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկան տոքթ․ Ռազմիկ սրկ. Պէպէճեան, Անոյշ Գալստեան եւ Ռուբինա Քէօշկէրեան՝ նուագակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեանի։

Իր սրտի խօսքին մէջ տէր Տաթեւ աւ․ քհն․ Միքայէլեան նշեց, որ ետին ձգած իր քառասուն տարիներու ուխտագնացութեան համար ստացաւ նոր խաչ մը, զոր իր ուսերուն պիտի կրէ յաջորդող տարիներուն համար։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ․ «Տպաւորուած եմ մեր հայ մատենագիրէ մը, որ ամէն անգամ որ գիրք մը կը գրէր, վերջաւորութեան կ’ըսէ հետեւեալը․ «Ձեռքս գնայ, երթայ ի հող, գործս մնայ յիշատակող»։ Մենք բոլորս օր մը պիտի երթանք, բայց մեր գործերը պիտի մնան յիշատակող։ Տա՛ Աստուած, որ լաւ անուն, լաւ գործ եւ լաւ վարք ձգենք, որպէս ժառանգ մեր սերունդներուն», ըսաւ ան։
Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչին, ատենապետին, հոգաբարձութեան անդամներուն, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն եւ բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց կիրակի օրը զոհելով՝ ներկայ եղան ընդունելութեան։

Տէր Տաթեւ օրհնեց սեղանը եւ հրաւիրեց ներկաները ճաշակելու պատրաստուած հիւրասիրութիւնը։ Ներկաները անձամբ իրենց շնորհաւորանքները յայտնեցին տէր հօր եւ երէցկինին եւ խմբական լուսանկարներով անմահացուցին յիշատակելի այս պահը։