Բագրատ Սրբազանի Կալանքի Ժամկէտը Երկարաձգուած Է Երեք Ամիսով
- (0)

«Սրբազան պայքար»ի առաջնորդ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կալանքի միջոցը երկարաձգուած է եւս երեք ամիսով։ Այս որոշումը կայացուցած է Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Կարեն Ֆարխոյեան՝ բաւարարելով դատախազ Հայկ Յովհաննիսեանի ներկայացուցած միջնորդութիւնը։
Դատական նիստէն առաջ Բագրատ Սրբազանի իրաւապաշտպան՝ Յովհաննէս Խուդոյեան, ըսած է, որ Բագրատ Սրբազանը պահելը քրեակատարողական հիմնարկին (ՔԿՀ) մէջ անարգանք մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ համակարգին եւ արդարադատութեան նկատմամբ։
«Մեղադրանքը հիմնուած է կեղծ ապացոյցներու վրայ։ Կեղծ ապացոյցները եղած են այս գործով ամէն մեղադրեալի նախաքննական կալանքի հիմք, եւ դատարանը կալանքներու առկայութիւնը ընդունած է ի գիտութիւն՝ առանց անդրադառնալու հիմնաւոր կասկածին եւ անցած է առաջ։ Արդեօ՞ք դատարանը պիտի գնահատէ հիմնաւոր կասկածը՝ նկատի ունենալով, որ կան կեղծ ապացոյցներ, թէ՞ ոչ»,— աւելցուցած է Խուդոյեան։