Միակ Ճանապարհը Բոլորին Մասնակցութիւնն է Քաղաքական Գործընթացներուն. Քրիստինէ Վարդանեան
- (0)

Հայաստանի մէջ աղքատութիւնը մինչեւ 2018-ի իշխանափոխութիւնը եղած է 23.5 առ հարիւր, իսկ այժմ՝ 23.7 առ հարիւր։ Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ՝ Քրիստինէ Վարդանեանը։
«Կ՛ուզեմ հասկնալ, որ դուք կրկնապատկած էք պետական պարտքը՝ արդէն մօտ ութ միլիառով աւելցնելով զայն․ այդ գումարները ի՞նչ նպատակով օգտագործուեցան։ Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին, ան ըսաւ, «Դուք ստանձնեցիք երկրի ղեկը, երբ աղքատութիւնը 23.5 առ հարիւր էր։ Իսկ այժմ, ըստ վերջին տուեալներուն, աղքատութիւնը 23.7 առ հարիւր է։ Կան նաեւ այլ ցուցանիշներ՝ ծայրայեղ աղքատութեան, հանցագործութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան աճ։ Երբ աճ կայ, դուք կ՛ըսէք՝ մեթոտաբանութիւնը փոխած էք, ուրիշ ձեւով կը հաշուէք, եւ այդ պատճառով է, որ թիւերը վատթարացած են։»
«Օրինակ՝ սպառողական վարկ առնողներու թիւը 31 առ հարիւրով աճած է։ Վարկով ապրող պետութիւն, վարկով ապրող քաղաքացի, սղաճ, չաճող եկամուտներ։ Թուղթի վրայ թիւերը կը բարձրանան, բայց կենսամակարդակը՝ ոչ։ Ես անզէն աչքով ալ կը տեսնեմ, թէ այդ գումարներուն մէկ մասը գոնէ ուր գացած է՝ ձեր եւ ձեր համախոհներուն »,— ըսաւ Վարդանեան։
Իշխանութեան այն յայտարարութիւններուն անդրադառնալով, թէ ժողովրդավարութիւնը իրենց «հաւատամքն» է, պատգամաւորը յիշեցուց, որ Գորիս, Թալին, Վանաձոր, Վարդենիս, Բերդ, Անի, Ալաւերդի, Ախուրեան, Գիւմրի, Մասիս, Մեղրի, Քաջարան եւ Կապան քաղաքներուն մէջ իշխանութիւնը միջամտած է ընտրութիւններուն, ուր իրենց առաջադրած թեկնածուները չեն ընտրուած։ Վարդանեան աւելցուց, թէ երբ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդը խօսեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասին՝ Փաշինեանի նոյն ձեւակերպումներով, Հայաստանի մէջ սկսաւ արշաւ մը եկեղեցւոյ դէմ, եւ քանի մը սրբազաններ հռչակուեցան հանցագործ։
Իր խօսքի աւարտին Վարդանեան դիմեց հասարակութեան՝ մանաւանդ երիտասարդներուն՝ ընդգծելով, որ կախարդական փայտիկներ չկան։ «Միակ ճանապարհը բոլորին մասնակցութիւնն է քաղաքական գործընթացներուն, որովհետեւ չմասնակցիլը՝ գործող իշխանութիւններու քայլերուն, գործերուն ու ծրագիրներուն լուռ համաձայնութիւն տալ կը նշանակէ»,— աւելցուց ան։