Ազրպէյճան Արցախի Ղեկավարութեան Դէմ Մեղադրանքները Կը Հաստատէ
- (0)

Ազրպէյճանի դատական իշխանութիւնները Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով կալանաւորուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դէմ մեղադրանքները հաստատած են։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը։
Նոյեմբեր 3-ին Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին, հանրապետութեան ընդհանուր դատախազի առաջին տեղակալ Վիուսալ Ալիեւ իր ելոյթին մէջ պնդած է, թէ մեղադրեալներուն վերագրուող յանցանքները սկսած են 1998 թուականէն եւ շարունակուած մինչեւ 2023-ի սեպտեմբեր 20-ը։
«Մեղադրեալները, վկաներն ու տուժողներն արդէն հարցաքննուած են։ Մենք, իբրեւ մեղադրող կողմ, համոզուած ենք, որ անոնց դէմ ներկայացուած փաստերը բաւարար են մեղքը հաստատելու համար»,– յայտարարած է Ալիեւը՝ նշելով, թէ դատաքննութիւնը տեւած է մօտաւորապէս մէկ տարի եւ այդ ընթացքին գումարուած են շուրջ 100 նիստեր։
Ալիեւ նաեւ նշած է, թէ մեղադրեալները անուղղակիօրէն մասնակցած են «այն յանցագործութիւններուն, որոնք Հայաստանի պետութիւնը գործած է 1998-էն սկսեալ մինչեւ 2023-ի սեպտեմբեր ամիսը»։
Ազրպէյճանական կողմը շինծու մեղադրանքներով Արցախի նախկին ղեկավարութիւնը կ՚ամբաստանէ պատերազմ սանձազերծելու, ցեղասպանական գործողութիւններ կազմակերպելու, ահաբեկչական գործողութիւններու եւ իշխանութեան բռնագրաւման, ինչպէս նաեւ այլ ծանր յանցագործութիւններու մէջ։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ազատութիւն», մինչեւ այժմ Ազրպէյճանի պետական «Ազերթաճ» գործակալութիւնը տեղեկութիւն չէ հրապարակած՝ պատժամիջոցներուն վերաբերեալ, որոնք կը նախատեսուին Արցախի նախկին իշխանական ներկայացուցիչներուն եւ անոնց հետ դատուող տասնըհինգ անմեղ հայ ռազմաքերիներուն համար։