Թուրքիոյ Մէջ Հայ Սպաննելը Անպատիժ Երեւոյթ Կը Մնայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի ընկերները Երեքշաբթի, Յունուար 7ին հաւաքուած էին դատարանին առջեւ՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Տինքի սպանութեան գործով վերսկսած դատական գործընթացին:
Թրքական «T24» լրատուական կայքը տեսանիւթ մը պատրաստած է Տինքի ընկերներու մամլոյ ասուլիսին մասին: Ելոյթ ունեցողները ընդգծած են, որ Տինքի սպանութիւնը 1915 թուականէն սկսած գործընթացին շարունակութիւնն է, եւ Հրանդի սպանութեան բացայայտումը Թուրքիոյ մութ անցեալի լուսաբանման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր քայլ մը պիտի ըլլայ: Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ այն, ինչ տեղի ունեցած է վերջին հարիւրամեակին, ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ հայ սպաննելը սովորական  եւ անպատիժ երեւոյթ մըն է:
Հաւաքուածները բացագանչած են՝ «Յանուն Հրանդի, յանուն արդարութեան», «Մարդասպանները պաշտպանողները կողմնակից են յանցագործութեան», ինչպէս նաեւ յայտնած են, որ Տինքի սպանութեան հետապնդումը պիտի չաւարտի այնքան ատեն, որ իրենք զայն փակուած չեն նկատեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.