Փարիզի մէջ բացումը կատարուեցաւ Կարպիս Ափրիկեանի անուան հրապարակին
- (0)

Ֆրանսայի մայրաքաղաքի 9-րդ թաղամասին մէջ, Հոկտեմբեր 15-ին տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ անուանի երգահան, խմբավար, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի հիմնադիր եւ երկարամեայ ղեկավար Կարպիս Ափրիկեանի անունը կրող հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս նախաձեռնութիւնը կայացաւ երաժիշտին մահուան առաջին տարելիցին օրը՝ առ ի գնահատանք անոր բազմամեայ ստեղծագործական ու մշակութային վաստակին եւ ի խնդիր անոր յիշատակի յաւերժացման։
Արարողութեան ներկայ էին եւ ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, Փարիզի քաղաքապետի տեղակալ, Յիշատակի եւ վեթերաններու հարցերու պատասխանատու Լորանս Պատրիս, Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրկլին, ինչպէս նաեւ երգահանին ընտանիքի անդամները՝ որդիները՝ Կորիւն եւ Արա Ափրիկեանները եւ թոռնուհին՝ Թալին Ափրիկեանը։