Սարգիս Զէյթլեան` Ամենաղեկավարի Պատուանդանին (Բ.)

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Սարգիս Զէյթլեանի, ամենաղեկավարի կերպարի ներկայացման ընդմէջէն, Կարօ Յովհաննէսեան կը յաջողի օրուան դէպքերու վերլուծութիւններով հրապարակել անոր յախուռն, յստակ ու քաջ յայտարարութիւնները` քրիստոնէական հաւատքի պահպանման անհրաժեշտութեան թէ միջազգային կոմունիզմի գործած աւերին մասին, իր անվերապահ եւ աներեր կեցուածքը միշտ եղած է անշեղ եւ հատու` մնալով հաւատարիմ Հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին եւ դաշնակցական ազգային գաղափարաբանութեան: Իսկ եւ մանաւանդ ազգային խորհրդանիշերուն` Արարատին ու Հայ եկեղեցւոյ կառչելու եւ իր ուժը պատմութենէն առնելու ազգային պատկանելիութեան նուիրականութիւնը, եղած է անառարկելի, անփոխարինելի գոյութեան խորհուրդը մեծարեալին եւ հայ մարդուն համար, որ այսպէս կը բանաձեւէ. «Արարա՛տն է թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ՛ վախճանակէտը բոլոր ուղեւորներուն»[1]:

«Ժողովուրդներու պատմութիւնը անոնց մեծ ու հերոսական զաւակներուն պատմութիւնն է: Բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք իրենց մեռելները ուրացան, պարպուեցան իրենց կենսունակութենէն ու կորսնցուցին ապրելու իրենց դատը: Բոլոր այն ժողովուրդները եւ անհատները, որոնք իրենց հերոսները ուրացան, անընդունակ եղան հերոսական ու վսեմ պայքարներու եւ նուաճումներու: Բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք անտեսեցին  իրենց ստեղծագործ հանճարները, հրաշքները խուսափեցան անոնց հասողութենէն»[2]: Այսպէս կը մտածէր ու կը հաւատար Սարգիս Զէյթլեան, երբ տակաւին աշակերտ էր ճեմարանի մէջ:

Սարգիս Զէյթլեան կը պայքարի կրթութեան գաղափարական հենքին վրայ: Ղեկավարելու կոչուած բոլոր առաջնորդները պարտքին տակն են արդարին ու ճշմարիտին, ինչպէս նաեւ` պարկեշտին ու ազգայինին վրայ յենելու: Եւ Կարօ Յովհաննէսեանին կողմէ իրեն տրուած բնորոշումը` «ամենաղեկավար», արդարօրէն եւ իրաւացիօրէն Սարգիս Զէյթլեան կը դրսեւորէ ստանձնած իւրաքանչիւր պաշտօնի ընդմէջէն: Դպրոցի տնօրէնութենէն, «Յուսաբեր»-ի, «Ազդակ» թերթի եւ «Դրօշակ»-ի խմբագրութենէն մինչեւ գիւղի մը ամբողջ կրթական, արդիւնաբերական, կազմակերպչական ծրագրաւորումով, կը յաջողի վերածել` գիւղացիին տունին եւ հոն բնակելի միջավայրի մը, հոն յարատեւելու, չլքելու հնարաւորութիւններ  ստեղծելու ճիգերուն` գոհացնելով գիւղին կրթական, արդիւնաբերական եւ մշակութային, կրօնական կարիքները: Եւ տակաւին, երիտասարդական շարժում եւ միաւորներ ստեղծելու, վաղուան մարդուժը պատրաստելու` ուսուցիչներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հրապարակագիրներ, ընկերային եւ քաղաքական հարցերու մեկնաբաններ, կ՛ըլլան Սարգիս Զէյթլեանի նուիրաբերումը անոնց իրագործման համար, եւ ան կը լծուի այդ աշխատանքին` «Անխորտակելի հաւատքով, անընկճելի եռանդով, անզիջող ու անտեղիտալի կեցուածքով»:

Սարգիս Զէյթլեանի սրտին մէջ հայրենիքէն, քրիստոնէական դաւանանքի ամուր հենքէն, ազգայինէն, հայութենէն եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականէն դուրս ոչինչ կը տրոփէ: Իր վարած բոլոր պաշտօններուն մէջ` թերթի խմբագրութիւն, դպրոցի տնօրէնութիւն թէ կուսակցական ղեկավարի, գործիչի պաշտօնները, բոլորին մէջ մէկ հասարակ յայտարար գոյութիւն ունի, որ սուրբ երրորդութիւն էր իրեն համար, անքակտելի եւ անբաժանելի` հաւատքը, սէրը եւ յոյսը` Քրիստոսին, հայրենիքին ու ամբողջական Հայաստանին: Ահա` խտացուած ամենաղեկավարին կեանքի նպատակը եւ գոյութեան խորհուրդը: Այդ երրորդութենէն մեկնած` կը պայմանաւորէ ինքզինք եւ իր գործը` բոլոր նպատակները ուղղելով անոնց բարելաւման եւ հասանելիութեան:

«Առանց յարութեան խորհուրդին` ունայնութիւն է ամէն ինչ, ունայնութիւն` դուրսը, այլեւ մանաւանդ` ներսը: Յարութիւնը յոյսն է կեանքին, յաւերժութեան, որ ոտքի կը պահէ մարդկային հոգին, հոգեկան հաւասարակշռութիւնը: Որովհետեւ եթէ չկայ յարութիւն, չկայ նաեւ հաւատք, չկայ նաեւ սէր. ուստի ունայն եւ անիմաստ է կեանքը ինք: Յարութեան խորհուրդն է, որ կը լեցնէ ունայնութեան մահասփիւռ անջրպետը»[3]:

Մարդ, որ ապրեցաւ անշեղօրէն իր գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, հաւատաց անոնց իր արեան ամէն մէկ բջիջով եւ պայքարեցաւ անդուլ անոնց համար: 800 էջանի գիրքին մէջ Սարգիս Զէյթլեանի աշխատանքային հենքը կը կազմէ այդ երրորդութիւնը:

Սփիւռքը պառակտող Անթիլիաս-Էջմիածին, հնչակեան-դաշնակցական-ռամկավար պայքարին մէջ եւ հայաստան-սփիւռքեան հակադրութիւններուն թէ հայաստանասէր կամ դաւաճան, էջմիածնասէր թէ անթիլիասական հակասութիւններուն մէջ Սարգիս Զէյթլեանի գրութիւններուն թէ արտայայտութիւններուն մէջ չհանդիպեցայ գէթ մէկ արտայայտութեան, ուր հայրենական եւ ազգային գաղափարականէն դուրս նպատակ հետապնդէր, բոլորին մէջ գաղափարականն ու ազգայինն են անոր տեսլականը: Չկայ արտայայտութիւն, պարագայ կամ դրսեւորում, ուր կը տեսնենք մարդկային տկարութիւնը թելադրող երեւոյթ մը, ըսելու համար` ահա՛ Սարգիս Զէյթլեանի աքիլլէսեան կռունկը: Իր մէջ տիրականը  իտէալներն ու գաղափարականն են: Ան երբեք չէ թելադրած այսպէս կամ այնպէս ըլլալ, այլ եղած է տիպարը` այսպիսին եւ այնպիսին, եւ իր օրինակով կը մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ ամենաղեկավարը, որ ցարդ անփոխարինելի է իր կերպարով, տիպարով եւ կենցաղով: Ահա կարմիր թելը Կարօ Յովհաննէսեանին հիւսած ներբողին մէջ, որ կ՛անցի հայ կեանքի բոլոր ելելէջներէն, տաք ու պաղ դէպքերու ընդմէջէն` կերպարելով խիզախ ու վսեմ հայը:

Սարգիս Զէյթլեան ամենաղեկավարի կերպարի կազմաւորման մէջ իր անառարկելի բարերար դերակատարութիւնը ունեցաւ անոր ուսուցիչներու անկրկնելի հոյլը. անոնք պատգամեցին ու դարբնեցին այս պատանի տղուն հոգիին վրայ Արարատն ու ՀԱՅ ժողովուրդի փառքը, ո՛չ միայն ներկայ եւ «իրական» Հայաստանին, այլ` Ա. Հանրապետութեան ազատ, անկախ Հայաստանի տեսիլքով հրազինուած, ետեւ թողած թուրքին աւար դարձած Հայաստանը, որ կ՛երկարէր` մինչեւ Արցախ, Մուշ, Սասուն, Վան ու Կիլիկիա: Այդ մարդիկը հայ ժողովուրդին փառքը հանդիսացող Հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան հսկաներն էին` Յ. Օշականն ու Լ. Շանթը,  Կոստան Զարեանն ու Սիմոն Վրացեանը, Գառնիկ Գիւզէլեանն ու Մ. Իշխանը, Գ. Բանեանը, որոնք ժառանգաւորաց վարժարանէն` Ն. Փ. Ճեմարան, հիւսեցին հայ ժողովուրդի փառքը, կռանեցին հասնող սերունդներուն մէջ ՀԱՅ-ը եւ ձախողութեան մատնեցին էնթերնասիոնալիզմի ազգ ու ազգութիւն հողմացրիւ ընող ապազգային գաղափարաբանութիւնը:

Սարգիս Զէյթլեանին համար կարեւոր էր քաղաքական մտածողութիւնը, որ կը նշանակէ` «Ազգայնացում, սեփական դիմագիծի կերտում» քաղաքական մտածողութիւնը, որ պէտք է` «Տեւաբար բիւրեղացուի, զարգացուի եւ մշակուի` համաձայն կեանքի պահանջներուն, հրամայականներուն` ազգին գերագոյն շահերը, նպատակները եւ իտէալները գործի եւ իրականութեան վերածելու համար»[4]: Քաղաքականացում` ոչ միայն սփիւռքի քաղաքական կուսակցութիւններուն համար, այլ` մասնաւորաբար Հայաստանի եւ այնտեղ տիրող վարչաձեւին, որ չունէր եւ չունի քաղաքական մտածողութիւն, տեղ չունէր տակաւին միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, հայ քաղաքական այրերը չունէին քաղաքական աշխարհահայեացք, եւ միջազգային քաղաքական աշխարհը պատրաստ չէր մեզ ընդունելու: Քաղաքականացումը ոչ թէ` «Անհատաբար պիտի զարգացնել, այլ հաւաքաբար պէտք է քաղաքականալ», սփիւռքով եւ Հայաստանով: Ափսո՜ս, որ այսօր առաւել եւս կը վկայենք քաղաքական տհասութեան հետեւանքները Հայաստանէն սփիւռք, մեր ներկայ քաղաքական հայեցակարգի ողորմելիութիւնը:

Եւ տակաւին, թուրքին մէջ հալածախտ յարուցած Հայ դատը, որ անոր գործած ոճիրին յուշարարն է, որմէ կը սարսափի եւ կը ջանայ ամէն կերպ քանդել Հայ դատի քաղաքական եւ իրաւական հիմքերը, որովհետեւ ուրանալով Ցեղասպանութիւնը եւ քանդելով պատմամշակութային հետքերը Արեւմտահայաստանի, կը յաւակնի ժխտել պատմական Հայաստանի գոյութիւնը` իբրեւ հայուն հայրենիքը: Ահա ճիշդ ասոր համար Սարգիս Զէյթլեան կ՛ըսէ. «Պէտք է զօրաշարժի ենթարկել եւ համախմբել հայութեան բոլոր առողջ տարրերը` մէկդի դնելով անհատական, խմբակցական, հատուածական բոլոր նախասիրութիւնները եւ թիկունք կանգնինք իրարու` Հայ դատի յաջողութեան համար, եւ այս նպատակին համար պէտք չէ տարակարծութիւն գոյութիւն ունենայ Հայ դատի շուրջ եւ իրար միջեւ»:

Եւ ճիշդ ասոր համար է, որ Դաշնակցութիւնը կը մնայ թշնամի` թուրքին եւ նաեւ էնթերնասիոնալիզմին:

Եզրակացնելով հայ ազգային տխուր ու ցաւալի երեւոյթները` անմիաբանութեան, հերձուածութեան, ազգայնականութենէն հոգեւոր օտարումին, եւ մասամբ նորին,  Սարգիս Զէյթլեանի համար համապարփակ մօտեցումը հայ ազգային կեանքի վերելքին միասնականութեան, պետականութեան, անկախութեան, տնտեսական բարգաւաճման բոլոր բնագաւառներուն մասին կու տայ իր տեսակէտը,  ուր մեր ժողովուրդին յաջողութիւնը կը պայմանաւորուի անկախ պետականութեամբ, ազգային միասնականութեամբ` բոլորին հայեացքները Արարատին ուղղուած եւ Արարատը իրենց սրտերուն մէջ պահած.

«Դարմանը հայու բոլոր այս վերիվայրումներուն կը գտնուի Հայաստանի անկախութեան մէջ, միայն այն ատեն է, որ իրենց լրումին կրնան հասնիլ հայ ժողովուրդի մտաւորական, մշակութային, ազգագրական, այլեւ մանաւանդ քաղաքական  մտքի եւ տնտեսական կեանքի ամբողջական կեդրոնացումները: Տնտեսական կեդրոնացման հայ դրամագլուխի հայրենացման շնորհիւ միայն կարելի է ազգայնացնել եւ հայացնել աշխարհաքաղաքացիաման ճամբան բռնած հայ զանգուածները: Այս կը նշանակէ, որ տնտեսական   կեդրոնացումը նաեւ հայապահպանման ազդակ է: Սակայն հայկական ազգային, համազգային էութիւնն ու նկարագիրը ունեցող հայ պետութիւնը (անկախ) միայն կրնայ մտածել այդ մասին:  Պետութիւն մը, որուն սեւեռակէտը Արարատն է եւ հայութեան արարատացումը պէտք է ըլլայ: Մինչ միջազգային համայնավարութիւնը ուրիշ Աստուած կը պաշտէ, ահա տագնապին աղբիւրը»[5]:

Պոլշեւիզմի եւ թուրքին շարունակուող ազգակործան վերջին հարուածներն են, որ ճակատագրական պիտի ըլլան մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի լինելութեան:

Ի հարկէ պիտի ըլլան ըսողներ, որ հեղինակն ու հերոսը, որ կերպարուած է գիրքին մէջ, կը վերլուծեն մեր կեանքին տխուր էջերը, երկուքն ալ դաշնակցականներ են եւ բնականաբար նաեւ պիտի արդարացնեն իրենց պատկանած կուսակցութեան գաղափարական տեսլականն ու քաղաքական տեսակէտները, ճիշդ են: Ճիշդ կ՛ըլլայ նա՛եւ, երբ ունենանք հակառակը փաստող նոյնքան խղճամիտ, արդարակորով եւ պարկեշտ վերլուծութիւնը այս հաստատումները ջրող վկայութեանց կամ վկայութիւններու յայտնաբերման, որ պիտի ծառայէ մեր պատմութեան մութ ու մռայլ էջերը լուսաւորելու, հարթելով տարակարծութիւններն ու փարատելով նախապաշարումները` միանգամընդմիշտ փակելով տխուր էջերը այս ժամանակահատուածին, իւրաքանչիւրին տալով իր արդար տեղը պատմութեան մէջ: Պէտք է լծուինք ի վերջոյ հայութեան համախմբումին ու միաւորման` ի խնդիր մեր նոր հայրենիքի կառուցման, որ արդէն մեր ձեռքէն կ՛երթայ, երբ տակաւին անմտաբար կը շարունակենք ներքին պառակտուածութեան եւ անհամերաշխութեան անխոհեմութիւնը:

Կարօ Յովհաննէսեանի «Ամենաղեկավարը» գիրքին ամէն մէկ գլուխին մասին կարելի է ժամեր խօսիլ եւ էջերով գրել, որովհետեւ բազմաթիւ են, գրեթէ ամէն մէկ էջի վրայ կա՛յ միտք մը, խօսք մը, որ արժանի է խորհրդածութիւններու եւ յիշատակութեան, բայց այդ կը թողունք ընթերցողին` յայտնաբերելու եւ իր եզրայանգումները կատարելու:

Կոթողական այս գործը ժամանակակից մեր պատմութեան վրայ լոյս կը սփռէ թէկուզ անհատի մը կեանքին ընդմէջէն, պատուհանները լայն կը բանայ ընդգրկուն եւ համայնական պատկերը սփիւռքի ներքին կեանքին վրայ, հայ քաղաքական մտածողութեան, Հայ դատին, միջազգային քաղաքականութեան եւ Հայաստանի քաղաքական ուղիին մասին, որ պիտի ծառայէ որպէս հիմք` ապագային Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` Անթիլիաս-Էջմիածին յարաբերութիւններն ու հակամարտութիւնները, Հայաստան-սփիւռք` հատուածական յարաբերութիւններն ու կուսակցական հակամարտութիւններու պատճառները ուսումնասիրող պատմաբաններուն:  Հայ ազգային քաղաքական մտքի ու Հայ դատի մասին իր ըմբռնումները եւ, տակաւին, գրական, երիտասարդական, պատանեկան եւ ազգային միասնականութեան մասին իր կոչերն ու յորդորները, առաջարկ լուծումները, պիտի ծառայեն իբրեւ առ այսօր իրենց այժմէականութեամբ միակ ճիշդ եւ կենսական  լուծումները գալիքին համար եւս, որ կը բխի գաղափարական հայուն հոգիէն, եւ իր նշած բոլոր ուղիները կ՛առաջնորդեն միայն եւ միայն հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ հայրենիքի վերականգնումին նպատակներուն:

Անկասկած եւ առանց չափազանցութեան, անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ Կարօ Յովհաննէսեան «Ամենաղեկավար»-ի պատուանդանին կանգնեցուցած է Սարգիս Զէյթլեանը, որ կ՛արտացոլացնէ յոյսը, քաջութիւնը եւ մարդկային ոգիին հրաշագործ բնոյթը, թէ անցեալի ուսումնասիրութիւնը կարող է իրազեկել ներկային:

Եւ արդարօրէն Կարօ Յովհաննէսեան եւս արժանի  է ոչ միայն գնահատականի, այլ` պատուաւոր դոկտորի կոչումին, որովհետեւ դոկտորայի թեզ մըն է, որ ներկայացուցած է այս գիրքով,  եթէ նկատի ունենանք, որ աւելի քան հինգ տարի անդուլ անդադար պրպտուքներ կատարած, բազմաթիւ այցելութիւններ տուած է` հաւաստի եւ ճիշդ աղբիւրէն քաղելու տեղեկութիւնները, մատենագիտական ընդարձակ եւ այլազան աղբիւրներ օգտագործած է վաւերական եւ ստոյգ ծանօթութիւններ ունենալու համար, ճիշդ պիտի ըլլար, հետեւաբար, գնահատելու արժանաւորը` արժանաւորապէս, որ ի հարկէ կը պատշաճի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, որուն, կը յուսանք, կը հասնի մեր ձայնը:

Մեր ժամանակներու պատմութեան վրայ լոյս սփռող այս ներբողը էապէս գիտական, վաւերական աղբիւր է` սթափելու, ցնցում մըն է` ի վերջոյ դադրեցնելու օտարին սպասարկելու ստորակայութեան բարդոյթը եւ մեր ջրաղացին ջուր լեցնելու, մեր ածուն ջրելու, մեր ներուժը ծառայեցնելու մեր ժողովուրդին եւ տէր կանգնելու հայրենիքին ու մեր պատմութեան:

29 օգոստոս  2025
(Շար. 2 եւ վերջ)

[1] Էջ 619

[2] Էջ 46

[3] Էջ 303

[4] Էջ 509

[5] Էջ 675

***
(Շար. 1)