ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 53-րդ պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւն
- (0)

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 53րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ օգոստոս 22-24-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս: Պատգամաւորներուն կողքին, Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ ԳԵՄ.ի մօտ ԿԿ.ի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ ԳՊՄ-ի ԸՎՄ-ի ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութիւններուն ներկայացուցիչները: ժողովին ընթացքին յատկանշական եւ անկիւնադառձային որոշումներ առին պատգամաւորականները։ Ժողովը խորապէս քննեց անդամական իրավիճակը բարելաւելու հարցը եւ հասաւ գործնական լուծումներու, ինչպէս նաեւ անդամարշաւի նոր քաղաքականութիւն որդեգրեց, tնտեսական 25 տարուան քաղաքականութեան կողքին։
Հայաստանէն ներս նոր ծրագիրներ մշակելու որոշումը առաւ, որ միութեանս անդամներուն առիթը պիտի տայ հաստատուն կապեր ստեղծելու հայրենիքի հետ։ Այս ծրագիրները կը թիրախաւորեն Արցախայութիւնը, նահատակներու ընտանիքներն ու հաշմանդամ զինուորները։ ժողովս հաստատեց, թէ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շրջանաւարտները կազմակերպելու աշխատանքը դարձած է անհրաժեշտութիւն։ Ուստի ժողովս որոշեց վերակենդանացնել ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շրջանաւարտներու միութիւնը։ Նաեւ ժողովը վերատեսութեան ենթարկեց միութեանս պաշտօնաթերթ՝ «Արծիւ»ի վերակենդանացման մարտավարութիւնը։ ժողովս որդեգրեց «Քրիստափոր Արթին» մասնագիտական դաստիարակչական ուղեգիծը։ Ինչպէս նաեւ ղեկավար եւ դաստիարակ պատրաստելու ծրագիրներ։ Ժողովը հաստատեց, թէ հայ ժողովուրդի պայքարը արդար պայքար է, եւ հայրենիքէն հեռու գտնուելով հանդերձ, ՀՅԴ ԳԵՄ-ը կը մնայ հայ ժողովուրդին խոնարհ ծառան եւ անոր արժանապատուութիւնը բարձր պահողը։ Ժողովին վերջաւորութեան, ժողովը ընտրեց 2025-2026 տարեշրջանի կեդրոնական վարչութիւնը։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 53րդ պատգամաւորական ժողով