Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրներ
- (0)

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցեցան 11 ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներ։
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն էին՝ Մարիա Մուրատեան, Աննա Պապայեան, Լորի Թամզարեան, Վիքթորիա Դանիէլեան, Քրիսթին Շրակեան, Քէյլ ՄաքՀիու, Արեգ Հորուպեան, Անի Ասթուր, Մելինա Մնացականեան, Վարդան Եիլտիզ եւ Տիանա Արաքէլեան։ Անոնք մօտէն մասնակցեցան եւ ունեցան իրենց ներդրումը։
Վեցշաբաթեայ ծրագրին ընթացքին, անոնք այցելեցին հարիւրաւոր քոնկրէսականներու գրասենեակներ՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ հայ գերիները եւ աջակցելով միջազգային նախաձեռնութիւններուն, ներառեալ Զուիցերիոյ գլխաւորած Արցախի Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւնը, որ ապահովէ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ ու համատեղ վերադարձը։
Ծրագիրի մասնակիցները հանդիպեցան Հայ Դատի Նախագահ Ճորճ Աղճեանին եւ մօտէն տեղեկութիւններ ստացան Հայաստանի ու Արցախի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու մասին։ Մասնակցողները հանդիպեցան քսանէ աւելի պետական, մամուլի եւ քաղաքական գործիչներու, ներառեալ՝ Հայաստանի մօտ Ա․Մ․Ն․ նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Արցախի նախկին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, խորհրդականներ Չարլի Մահտէսեան եւ դոկտ. Ռապըրթ ԳրիԳրեան։ Անոնք հանդիպեցան նաեւ ՝ իրաւաբաններ Ռութ Վեթըրի, Թամար Ալեքսանեանի եւ Քէյթ Նահապետեանի, հանրային կապերու մասնագէտներ՝ Էնտի Սուրապեանի, Գարուն Չոլաքեանի եւ Տէյվիտ Գէորգեանի, խորհրդատու Մհեր Սէթեանի հետ։
Անոնք այցելեցին նաեւ Քոնկրէսի գրադարան՝ ուսումնասիրելու հայկական հաւաքածոն, ուր դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան ցուցադրեց բազմաթիւ յատուկ փաստաթուղթեր։
Մարիա Մուրատեան նշեց․ «Անհաւատալի փորձառութիւն եղաւ։ Մասնագիտական ու անձնական աճ ապրեցայ։ Կարողացայ գործուն մասնակցութիւն բերել Հայ Դատին»։
Աննա Պապայեան ըսաւ․ «Ծրագիրը օգնեց ուղղութիւն գտնելու ապագայ մասնագիտութեանս մէջ, զարգացնելու մասնագիտական հմտութիւններ եւ ստեղծելու հզօր ցանց մը, որ երկար տարիներ պիտի պահուի»։
Լորի Թամզարեան, իր կարգին ըսաւ․ «Ամառնային հետաքրքրական փորձառութիւններէս մէկը եղաւ այս ծրագիրը։ Ձեռք բերի գործնական փորձառութիւն հայերու համար բարեխօսութեան մէջ եւ հմտութիւններ, որոնք պիտի առաջնորդեն կեանքիս ընթացքին։ Ամէնէն կարեւորը՝ այն կապերը, որ ստեղծեցի Հայ Դատի նուիրեալ երիտասարդներու հետ»։
Վիքթորիա Դանիէլեան ընդգծեց․ «Խմբային աշխատանքը իսկապէս ոգեշնչող էր․ իւրաքանչիւրս ունէր տարբեր գործելաձեւ եւ միասին կերտեցինք ներշնչող խումբ մը»։
Քրիսթին Շրակեան, նշեց․ «Հայ Իրաւաբանական Կեդրոնին ներքեւ գործած ըլլալով՝ փորձառութիւն ձեռք բերեցի միջազգային իրաւաբանական փաստաթուղթերու մէջ եւ յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացայ միջազգային իրաւունքի մասին»։
Քէյլ ՄաքՀիու յայտնեց․ «Ես ամէնուն խորհուրդ կու տամ, որ մասնակցութիւն բերէն այս ծրագրերուն։ Կատարուած աշխատանքը՝ չափազանց կարեւոր է»։
Արեգ Հորուպեան ընդգծեց․ «Վեց շաբաթ այս մասնագիտական փորձառութիւն ձեռք բերելն էր, որ կը փափաքէի եւ այդպէս ալ իրագործեցի»։
Անի Ասթուր աւելցուց․ «Կը յանձնարարեմ բոլոր հայ երիտասարդներուն, որ պէսզի մասնակցին այս ծրագրին։ Կը ստանաք ոչ միայն գործնական փորձառութիւն, այլեւ ընկերութիւն ու յուշեր»։
Մելինա Մնացականեան ըսաւ․ «Ես միաժամանակ գիտելիք ձեռք բերի մեր մշակոյթին եւ քաղաքականութիւններուն մասին եւ անշուշտ մաս կազմեցի մեծ ընտանիքի մը»։
Վարդան Եիլտիզ շեշտեց․ «Ծրագիրը պատճառ մըն է, որ յոյս ունենամ, իմ ապագայ մասնագիտութեան ընթացքին նպաստել Հայ Դատին եւ այլ մարդասիրական գործերու»։
Տիանա Արաքէլեան ընդգծեց․ «Ծրագիրը ինծի հնարաւորութիւն տուաւ իմ ներդրումս ունենալ Հայ Դատին եւ միաժամանակ զարգացնել գործնական հմտութիւններ հանրային ելոյթներու։ Այժմ աւելի յստակ ուղղութիւն ունիմ իմապագայի ուսումնական ու մասնագիտական ճամբուս համար»։